Լեւոն ԺԴ. Դարձի գալը մտածողութեան փոփոխութիւն եւ ամենօրեայ նուիրուածութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 25 հոկտեմբերին, հաստատութեան արարողակարգային գրասենեակներու յոբելեանի մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Լեւոն ԺԴ Պապը իր արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց խաղաղութեան եւ դարձի գալու անհրաժեշտութեան վրայ։ Մեկնաբանելով օրուան աւետարանի քաղուած հատուածը «Եթէ չ՝ապաշխարէք՝ ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ դարձի գալը ոչ միայն կեանքի անկայունութեան արձագանք է, այլ մտածողութեան փոփոխութիւն եւ ամենօրեայ նուիրուածութիւն։ Յոյսի առաքինութիւնն է, որ թոյլ կու տայ այս ուղեւորութեան, մահուան դատապարտուած ճանապարհը վերածելով Յարութիւն առածի լոյսով լուսաւորուած կեանքի։ Այս դարձի կոչը, ոչ միայն անհատական է այլեւ կը վերաբերի ամբողջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան։ Անարդարութեան եւ կաշառակերութեան սպառնալիքով պետութիւնը «մահուան վտանգի տակ է , եթէ դարձի չգայ։
Քահանայապետը յիշեց Իտալական սահմանադրութիւնը հիմնուած է աշխատանքի վրայ քաջալերելով ներկաները ծառայելուն հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիներուն հեզութեամբ աշխատելով ընդհանուր բարօրութեան համար
Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ներկաները աշխատելու որպէս ճշմարտութեան ծառայողներ եւ միութեան հիւսողներ, սնուցելով քաղաքացիական զգացողութիւն եւ հաստատութեան պարտականութիւնը բարձր հոգեւոր արժէքներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
