Papa-Mattarella, i conflitti tra i temi del confronto

14 հոկտեմբերին Լեւոն Պապը կ՛այցելէ Քուիրինալէյի պալատը

Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն պիտի տայ Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Լևոն ԺԴ. Քահանայապետը պաշտօնական այցով կը մեկնի Քուիրինալէյի պալատ՝ հանդիպելու համար Իտալիայի Հանրապետութեան նախագահ՝ Նորին Գերազանցութիւն Տիար Սերճօ Մաթարելլայի հետ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Արդարեւ անցեալ վեց Յունիսին Նախագահ Մաթթարելլային Վատիկանի մէջ շնորհած ունկնդրութենէն ետքը Լեւոն ԺԴ. եւ Իտալիոյ նախագահը իրարու պիտի հանդիպին Քուիրինալէյի մէջ եւ այս պիտի ըլլայ անոնց երրորդ հանդիպումը անցեալ 18 Մյաիսին եւս անոնց միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին առիթով։

Վերջին անգամ որ Քահանայապետ մը այցելած էր Քուիրինալէն եղած էր Ֆրանչիսկոս Պապը Յունիս 2017-ին Մաթթարելլայի նախագահ երկրորդ ընտրութեան առիթով։ Իսկ առաջին Քահանայապետը որ այցելած էր Քուիրինալէն որ ժամանակին եղած է Քահանայապետերու նստավայրը, եղած է Պիոս ԺԲ. Քահանայապետը 28 դեկտեմբեր 1939-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 13:33