Սրբազան Պապը ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Ուրբաթ 31 հոկտեմբերին ունկնդրութիւն շնորհեց Խրուաթիոյ նախագահ Տիար Զորան Միլանովիչին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու բազմակողմնութեան բաժնի ենթաքարտուղար` Գերապ. Տանիել Փախոն» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Կը նշուի նաեւ թէ «Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր խօսակցութիւններու ժամանակ գնահատանք արտայայտուեցաւ գոյութիւն ունեցող երկկողմ բարի յարաբերութիւններուն համար եւ քննարկուեցան տարբեր միջազգային ու տարածաշրջանային բնոյթ ունեցող նիւթեր, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արևմտեան Պալքաններու տարածաշրջանին և տարածաշրջանային համագործակցութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
