Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ֆիժիի հանրապետութեան նախագահը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ֆիժի հանրապետութեան նախագահ, Ռաթու Նայքամա Թավաքէչոլաթի Լալապավու։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ ենթաքարտուղար, Գերպ Տանիէլ Փալոյի
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներուն ընթացքին, գնահատանք յայտնուած է Սուրբ Աթոռի Ֆիժիի հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հասարակութեան մատուցած ծառայութեան համար։ Զրոյցը շարունակուած է երկրի ընկերային քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ միտքերուն փոխանակումով՝ կեդրոնանալով մասնաւորապէս փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, որոնց շարքին՝ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ միջազգային յանցագործութեան դէմ պայքարին վրայ։
Յայտնենք, թէ 2 նոյեմբերին, Լատինական ծէսին համաձայն, օր մեռելոցի առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Հռոմի Վերանօ գերեզմանատան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
