Vaticano, Papa Leone incontra Abdallah II

Սրբազան Պապը ընդունած է Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ-ը և թագուհի Ռանիային

Մասնաւոր այցով թագաւորական ընտանիքը դիմաւորեցուեցաւ Սան Տամազոյի պաշտօնական բակին մէջ ապա պապական զուիցերական պահակներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ մինչև Քահանայապետի գրասենեակ ուր զանոնք դիմաւորեց Լեւոն Պապը:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի կէսօրէն ետք Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական պալատին մէջ հանդիպեցաւ է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան Թագաւոր Ապտալլայի և անոր կնոջ՝ թագուհի Ռանիայի հետ:

Մասնաւոր այցով թագաւորական ընտանիքը դիմաւորեցուեցաւ Սան Տամազոյի պաշտօնական բակին մէջ ապա պապական զուիցերական պահակներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ մինչև Քահանայապետի գրասենեակ ուր զանոնք դիմաւորեց Լեւոն Պապը:

Այնուհետև թագաւորական ընտանիքը Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց իրենց ընկերացող պատուիրակութեան անդամները ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 08:00