Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ

Լեւոն ԺԴ. Պապի հանդիպումը խաղաղութեան նաւի անձնակազմին հետ

Լեւոն ԺԴ. Պապը մեկնեցաւ Օսթիայի նաւահանգիստ այցելելու համար «Med25 Bel Espoir» նաւը, որ ամիսներ շարունակ շրջագայած է միջերկրական ծովուն նաւահանիստներուն մէջ՝ տեղափոխելով տարբեր ազգերէ, կրօններէ 25 երիտասարդներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին Լեւոն ԺԴ. Պապ այցելեց Օսթիայի նաւահանգիստը կանգնած «Med25 Bel Espoir» նաւը՝ հանդիպելու համար տարբեր ազգութիւններու որոնց շարքին՝ Պոզնիայէն, Ալժէրիայէն, Պաղեստինէն, Ֆրանսայէն 25 երիտասարդներէն բաղկացած անձնակազմի հետ։
Ֆրանսական դրօշակը կրող նաւը ութը ամիսներէ ի վեր ուղեւորութիւն կատարած է միջերկրական ծովուն մէջ՝ եղբայրութեան պատգամը տարածելու համար, որ նախաձեռնած է Մարսէյի կարդինալ Ժան Մարք Աւելինը՝ոգեշնչուած Ֆրանչիսկոս Պապին 2023 թուականին Մարէսէյ կատարած այցելութիւնով։

Լեւոն ԺԴ Պապը ինքն է, որ առաջարկեց որ նաւը կանգառ կատարէ Օսթիային նաւահանգիստի մէջ փոխելով նաւին սկզբնական երթուղին՝ երիտասարդներուն հանդիպելու համար։ Կէսօրին ժամը (16:10)ին Լեւոն ԺԴ. Նստեցաւ նաւունմէջ եւ ելոյթ ունեցաւ անձնակազմի հետ՝ ընդգծելով «խաղաղարարներ» դառնալու անհրաժեշտութիւնը բռնութեան եւ բեւռացումով բնորոշուած աշխարհին մէջ։

Անգլերէն եւ Իտալերէն լեզուներով Խօսելով Լեւոն ԺԴ. Պապը երիտասարդները անուանեց « Յոյսի նշան Միջերկրական ծովու եւ աշխարհի համար», գովաբանելով անոնց միանալու ունակութիւնը՝ չնայած իրենց տարբեր ծագումներուն, մշակոյթներուն եւ կրօններուն, քանի որ «մենք բոլորս մարդիկ ենք»։ Ան յիշեց նաեւ Օսթիայի պատմական եւ կրօնական կարեւորութիւնը, որ Կապուած է Սուրբ Օգոստինոսի եւ Սուրբ Մոնիքայի հետ։

Լեւոն ԺԴ. Պապ անձնակազմը ձգեց երեք բանալի բառերով՝ որպէս ուղեցոյցներ՝ երկխօսութիւնը, որ հասկցուած է որպէս ունկնդրութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, կամուրջներ»՝ ժողովուրդներ միացնելու համար։ Քահանայապետը մատնանշեց անոնց համակեցութիւնը փոքր նաւակին վրայ, որպէս դժուարութիւնները յաղթահարելու օրինա եւ դաս բոլորին համար։

Երիտասարդները Լեւոն ԺԴ Պապը դիմաւորեցին ոչ պաշտնական մթնոլորտին մէջ երգերով եւ նուէրներով։ Այցելութիւնը շարունակուեցաւ նաւակին մէջ կայացած մասնաւոր հանդիպումով, ուր Քահանայապետը լսես երիտասարդներուն վկայութիւնները։ Հաննան անունով մէկ Պոզնիացի աղջիկ մը նորին Սրբութեան հարցուց ,թէ ինչու աշխարհը չկրնար խաղաղ ապրիլ այնպէս ինչպէս իրենք կ՝ապրին փոքրիկ նաւին վրայ։

Խմբային լուսանկարէ ետք հանդիպումը աւարտեցաւ մօտաւորապէս ժամը 17ին։ Լեւոն ԺԴ Պապը վերադարձաւ Վատիկան, մինչդեռ նաւը մեկնեցաւ Քորսիքա՝ իր առաքելութեան յաջորդ կանգառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2025, 09:41