Լեւոն ԺԴ Պապը Սպանախօս հոգեւոր առաջնորդներուն. Աստուած ոչ մէկը մինակ չձքեր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Միացեալ Մահագներուն Իսպանական հոգեւորականութեան հարիւրէն աւելի առաջնորդներ՝ Էլիզապէլ Ռոմանի գլխաւորութեամբ։ Իր պատգամին մէջ քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ծառայութեան, յոյսի եւ հաւատքի կարեւոր վկայութեան համար, յատկապէս բռնութեամբ եւ ատելութեամբ բնորոշուած աշխարհին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց հոգեւորականները ուղեկցելու ամենաշատ կարիքաւորներուն, ինչպէս աղքատները, գաղթականները, յիշեցնելով անոնց մեծ պարտականութիւնը՝ ցոյց տալով որ Աստուած երբեք մինակ չի ձգեր։
«Մենք որպէս Յիսուսի հետեւորդներ, որպէս առաքեալներ, կ՝ուզենք Աւետարանը ապրիլ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ Աստուած զօրացնէ հոգեւորականներուն սիրտերը, որպէսզի միշտ լեցուն ըլլան հաւատքով եւ յոյսով, ուրիշներուն հետ կիսել կարենալու համար այն նշանը որ իսկապէս Աստուծոյ շնորհքի, Սիրոյ պտուղն է բոլորին համար։»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
