«Dilexi te- Ես քեզ սիրեցի». Լևոն ԺԴ. կարելի չէ հաւատքը բաժնել աղքատներու նկատմամբ սէրէն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրելի՛ եղբայրներ ի Քրիստոս, մեծ ուրախութեամբ ձեզի կը գրեմ հետևելով Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ տասը տարի առաջ սկսած գործընթացին, որ կը ներգրաւէ ամբողջ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, Քահանայապետական Վարդապետութեան կարևոր պահերու ընթացքին: Թող որ «Dilexi te»-ն օգնէ Եկեղեցւոյ ծառայել աղքատներուն և աղքատները մօտեցնել Քրիստոսին»։ Այս հակիրճ գրութեամբ է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ այսօր` 9 հոկտեմբեր 2025-ին լոյս տեսած «Dilexi te ծ Ես քեզ սիրեցի» առաջին առաքելական յորդորագիրը, որ Ան ստորագրած էր անցեալ 4 հոկտեմբերին, Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը եւ որ նուիրուած է Քրիստոսի սիրոյն` որ կը մարմնանայ աղքատներու սիրոյն մէջ, հասկցուած, որպէս հիւանդներու խնամք, ստրկութեան դէմ պայքար, բռնութեան թիրախ կիներու պաշտպանութիւն, կրթութեան հասանելիութեան իրաւունք, գաղթականներու աջակցութիւն, ողորմաբաշխութիւն եւ հաւասարութիւն։
Նախորդներու հետեքերուն վրայ
121 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթը կը վերագործարկէ աղքատներու վերաբերեալ վերջին հարիւր յիսուն տարիներու Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը։ Օգոստինեան Քահանայապետը` այս փաստաթուղթով կը հետեւի իր նախորդներուն. Յովհաննէս ԻԳ.-ի «Mater et Magistra», Պօղոս Զ.-ի «Populorum progressio», Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի` որ ամրապնդեց «աղքատներու հետ Եկեղեցւոյ առանձնաշնորհեալ կապը», ապա Պենետիկտոս ԺԶ.-ի իր «Caritas in Veritate» ով, հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ աղքատներու «ի սպաս» ու «հետ» խնամքը դարձուց իր Քահանայապետութեան անկիւնաքար։
Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ սկսած աշխատանք մը
Ֆրանչիսկոս Պապը իր մահէն առաջ սկսած էր աղքատներուն նուիրուած այս առաքելական յորդորագիրը, այնպէս ինչպէս պատահած էր «Lumen Fidei» շրջաբերականով, զոր սկսած էր Պենետիկտոս ԺԶ.ը եւ աւարտած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 2013-ին։ Dilexi te-ն, շարունակութիւնն է Արժանթինցի Քահանայապետի Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած Dilexit Nos-ին, գուցէ որովհետեւ շատ զօրեղ է այն կապը` որ կայ ընդմէջ Աստուծոյ սիրոյն եւ աղքատներու սիրոյն, որոնց միջոցաւ «Աստուած մեզի բան մը ունի ըսելիք» կը հաստատէ Լեւոն Պապը։
Աղքատներու վիրաւոր դէմքերուն մէջ մենք կը տեսնենք անմեղներու տառապանքը (9)
Աղքատներուն դիմագիծերը եւ հաւասարութեան պակասը
Առաքելական յորդորագիրին մէջ բազմաթիւ են յղումներն ու խորհրդածութիւնները հայող աղքատութեան դէմքերուն. Աղքատութիւնը անոնց «որոնց կը պակսի նիւթական աջակցութեան միջոցներ», «անոնց, որոնք ընկերային գետնի վրայ անտեսուած են», «բարոյական», «հոգեւոր», «մշակութային» աղքատութիւնները, ապա նոր աղքատութիւններ, որոնք աւելի «նուրբ եւ վտանգաւոր են» (10) որոնք կը յառաջանան տնտեսական կանոններու հետ, որ աճեցուցին հարստութիւնը, բայց ոչ արդարութիւնը:
Ի տես այս իրականութեան Քահանայապետը «անբաւարար» կը համարէ «բազմաթիւ հարթհաւասարութիւնով» բնորոշուած հասարակութիւններուն մէջ աղքատութեան կառուցուածքային պատճառները վերացնելու յանձնառութիւնը։
Հաւասարութեան պակասը ընկերային չարիքներու արմատ (94)
Սպաննող տնտեսութիւն եւ մերժող մշակոյթ
Լեւոն ԺԴ. ապա կ՛ողջունէ «ՄԱԿ-ի կողմէ աղքատութեան յաղթահարումը Հազարամեակի նպատակներուն մէջ» դասելու որոշումը։ Այնուամենայնիւ, ճանապարհը երկար է, յատկապէս այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, երբ կը տիրէ «սպանող տնտեսութեան բռնապետութիւնը» (92) և կը շարունակուի «անպէտքի» մշակոյթ մը, որ «անտարբերութեամբ կը հանդուրժէ, որ միլիոնաւոր մարդիկ մահանան սովի պատճառաւ կամ գոյատևեն մարդոց համար անարժան պայմաններուն մէջ» (11):
Ըստ երեւոյթին մարդու իրաւունքները բոլորի համար հաւասար չեն (94)
Սրբազան Պապը կը հայցէ «մտայնութեան փոփոխութիւն մը», որպէսզի իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը «յարգուի այսօր` ոչ թէ վաղը».
Գաղթականներու հիւրընկալութիւնը
Փաստաթուղթին մէջ Լեւոն Քահանայապետը լայնածաւալ կերպով կ՜անդրադառնայ գաղթականութեան հարցի մասին, մեկնելով «Ալան Քիւրտի» անունով մանուկի պատկերէն, այն սուրիացի մանուկը` որ մահացած էր ծովափի վրայ նաւաբեկութեան հետեւանքով, որուն նկարը շրջանը կատարեց համայն աշխարհին։
Դժբախտաբար, կը գրէ Քահանայապետը «նմանատիպ փաստերը երթալով աւելի անտեղի կը դառնան որպէս երկրորդական լուրեր» (11): Միևնոյն ժամանակ, Ան կը յիշէ Եկեղեցւոյ գաղթականներու ի սպաս կատարած մեծ աշխատանքը։
Եկեղեցին` որպէս մայր, կը քալէ անոնց հետ միասին, որոնք կը քալեն։ Այնտեղ ուր աշխարհը կը տեսնէ սպառնալիք, Եկեղեցին կը տեսնէ զաւակներ, այնտեղ ուր պատեր կը կառուցին Եկեղեցին կը կառուցէ կամուրջներ….Ան լաւ գիտ`է որ իւրաքանչիւր վտարուած գաղթականի մէջ նոյնինք Քրիստոսն է որ կը թակէ հասարակութեան դուռը (75)։
Փրեվոսթ Քահանայապետը հուսկ իրը կ՜ընէ Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներուն վերաբերող չորս բայերը. «Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել» եւ Ֆրանչիսկոսէն կ՜ընդօրինակէ նաեւ այրատներուն «Աւետարանի ուսուցիչներ» սահմանումը։
Աղքատներուն ծառայելը «վերէն դէպի վար» կատարելիք ժեստ մը չէ, այլ հաւասարներու հանդիպում (79)
Գաղափարախօսութիւններ, մոլորեցնող քաղաքականութիւն, անտարբերութիւն
Սուրբ Պետրոսին յաջորդը ապա «կրկնակի աղքատ» կը համարէ կիները, որոնք կը տառապին «մեկուսացումի, վատ վերաբերմունքի եւ բռնութեան պատճառաւ» (12)։ Ապա խորաթափանց մտորումներ կը ներկայացնէ այդ աղքատութեան պատճառներու վերաբերեալ. «Աղքատները գոյութիւն չունին պատահականօրէն կամ կոյր ու դառն ճակատագրի մը բերումով։ Առաւել ևս աղքատութիւնը, անոնցմէ մեծամասնութեան համար ընտրութիւն չէ։ Այնուամենայնիւ, տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը համարձակին հաստատել այս մէկը՝ ցուցաբերելով կուրութիւն և դաժանութիւն» (14):
Յաճախ, նկատել կու տայ Քահանայապետը, նոյնինքն քրիստոնեաներն են, որոնք թոյլ կու տան «վարակուիլ աշխարհիկ գաղափարախօսութիւններով կամ քաղաքական ու տնտեսական կողմնորոշումներով բնորոշ վերաբերմունքով մը, որ կը հանգեցնէ անարդար ընդհանրացումներու և մոլորեցնող եզրակացութիւններու»։
Իրականութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, որ «միայն կառավարութիւնը պէտք է հոգ տանի աղքատներուն, կամ թէ աւելի լաւ է` զանոնք լքել թշուառութեան մէջ, անոնց աշխատիլ սովորեցնելով» (114): Ասոր ախտանիշը այն է, որ ողորմութիւնը հազուադէպ կը կիրառուի և յաճախ արհամարհուած է (115): Սակայն, կոչ կ՜ընէ Քահանայապետը` «որպէս քրիստոնեաներ՝ չի հրաժարինք ողորմութենէն»։
Մենք պէտք է ողորմութիւն ցուցաբերենք՝ դպչելու համար աղքատներու տառապող մարմիններուն (119)
Որոշ քրիստոնէական խումբերուն մէջ, բացարձակապէս կը բացակայի ամենաանապահով խաւերուն նկատմամբ յանձնառումը (112), նկատել կու տայ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ կը յորդորէ զգոյշ ըլլալ, քանի որ «կայ անբաժանելի կապ մեր հաւատքի և աղքատներու միջև» (36): Հետևաբար, վտանգը «լուծարում» կամ «հոգևոր աշխարհիկութիւնն» է (113):
Սուրբերու, Երանելիներու և Կրօնական Միաբանութիւններու վկայութիւնը
Այս անտարբերութիւնը հակակշռելու համար կան սուրբերու, երանելիներու և միսիոներներու աշխարհ: Քահանայապետը կը մէջբերէ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, Մայր Թերեզային եւ Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը, - որոնցմէ վերջինը հաստատած էր. «Ան` որ կ՜ըսէ կը սիրեմ Աստուած և կարեկցանք չունի կարիքաւորներու նկատմամբ, կը ստէ» (45) - և շատ ուրիշներուն: Սրբազան Պապը ապա կը յիշէ կրօնական միաբանութիւններու աշխատանքը հիւանդները որբերը, այրիները և մուրացկաններն ընդունելու, ինչպէս նաև աշխատանքը ստրկութեան զոհերու ազատագրման համար:
Այս միաբանութիւններու աւանդոյթը չէ աւարտած։ Ընդհակառակը, ան ներշնչում եղաւ գործողութիւններու նոր ձևերու՝ ստրկութեան ժամանակակից ձևերու դէմ՝ մարդավաճառութեան, հարկադիր աշխատանքի, սեռական շահագործումի, եւ կախուածութեան տարբեր ձևերու դէմ։ Քրիստոնէական բարեգործութիւնը, երբ կը մարմնաւորուի կը դառնայ ազատագրող (61):
«Ձայն», որ կ՛ արթնացնէ և կը դատապարտէ
Յորդորագիրին մէջ Քահանայապետը կը հաստատէ աղքատներուն կրթութեան հասանելիութեան կարևորութիւնը՝ «պարտականութիւն», եւ ոչ թէ «բարեհաճութիւն»։ Ան կը յիշէ ժողովրդական շարժումներու պայքարը, որոնք գլխաւորուած էին «յաճախ կասկածանքի տակ դրուած և նոյնիսկ հալածուած» առաջնորդներով (80) և վերջապէս կը դիմէ Աստուծոյ համայն ժողովուրդին՝ խնդրելով «լսելի դարձնել, թէև տարբեր ձևերով, ձայն մը` որ կ՛ արթնցնէ, որ կը դատապարտէ, որ նոյնիսկ յիմար թուալու վտանգի դիմելով կը բացայայտէ»։
Անարդարութեան կառոյցները պէտք է ճանչցուին և ոչնչացուին բարիի ուժով (97)
Անհրաժեշտ է, որ «մենք բոլորս թոյլ տանք, որ աղքատները մեզ աւետարանեն», կը յորդորէ ի վերջոյ Լևոն ԺԴ.-ը (102). հաստատելով որ անոնք միայն «ընկերային խնդիր» չեն, այլեւ «Եկեղեցւոյ նոյնինքն կեդրոնը» (111):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
