Թրամփին Կազայի վերաբերեալ ծրագիրը իրատեսական է, յուսանք, որ Համասը ընդունի զայն. Լեւոն ԺԴ.

Կազայի խաղաղութեան ծրագիրը, ԱՄՆ-ի կողմէ պատերազմի նախապատրաստման մասին դիտողութիւնները, Սուրբ Աթոռի միջոցներու կառավարման վերաբերեալ դատավարութիւնը և կարդինալ Քուպիչի շուրջ ծագած վիճաբանութեանը եղան նիւթերը որոնց անդրադարձաւ Քահանայապետը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նախ քան Քասթել Կանտոլֆոյէն Վատիկան վերադարձը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Երեքշաբթի` 30 սեպտեմբերի երեկոյեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ քան Քասթել Կանտոլֆոյէն Վատիկան վերադարձը, ուր վերջին շաբաթներուն սովորութեան համաձայն մեկնած էր մէկ օրով, զրուցեց ամարային Առաքելական Պալատի մուտքին զինք սպասող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած մի քանի հարցումներուն։ 

«Թրամփին Կազայի մասին ծրագիրը իրատեսական է, կան շատ հետաքրքրական տարրեր, յուսանք որ Համասը ընդունի զայն սահմանուած ժամկէտի ընթացքին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. պատասխանելով Կազայի մասին իրեն ուղղուած հարցումին իսկ Կազայի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար Ղազային մօտեցող քաղաքացիական նաւերու  իրավիճակի վերաբերեալ, որուն շուրջ լարուածութիւնը կը շարունակուի տրուած ըլլալով որ Իսրայէլը սպառնաց անոնց վրայ կրակ բանալու, Նորին Սրբութիւնը  շեշտեց, թէ որքան ծանր է իրավիճակը, քանի որ, «կայ յստակ ցանկութիւն արձագանքելու իրական մարդասիրական արտակարգ իրավիճակին», ապա մաղթեց որ «բռնութիւն չի բանեցուցի եւ յարգուին անհատները»։

Մենք պէտք է աշխատինք խաղաղութեան համար 

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթի կողմէ նախաձեռնուած հանդիպման հարցին մասին անդրադառնալով, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ թէ բոլոր հրամանատարները մարտական ​​պատրաստութեան մէջ են, եւ նոյնիսկ պատրաստ միջուկային զէնք օգտագործելու, Քահանայապետը այս մէկը նկատեց «մտահոգիչ խօսելաձև», որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս  գերլարուածութիւնները կը սրին: Իսկ ԱՄՆ նախագահ Թրամփի՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը   «Պատերազմի» նախարարութիւն անուանումով փոխելու որոշման վերաբերեալ Լևոն ԺԴ.ը  նշեց. «Յուսանք, որ սա պարզապէս խօսելաձև ըլլայ», թէեւ կը  նշանակէ կառավարման  ոճ մը, որ «ուժ կ՛ օգտագործէ ճնշում գործադրելու համար: Յուսանք, որ ան գործէ բայց թող պատերազմ չ՛ըլլայ, կարիքը կայ աշխատելու  խաղաղութեան համար»:

Վատիկանի մէջ դատավարութեան միջամտութիւն չկայ

Երբ լրագրողները Քահանայապետէն խնդրեցին կարծիք յայտնել Վատիկանի մէջ Սուրբ Աթոռի միջոցներու կառավարման վերաբերեալ ընթացող դատավարութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը մանրամասնութիւններ չտուաւ, ու բացատրեց, որ «դատավարութիւնը պէտք է շարունակուի» և թէ «ինքը միջամտելու մտադրութիւն չունի»։ Ան դատավարութեան եզրակացութեան հանգիլը թողուց դատաւորներու և պաշտպաններու հայեցողութեանը։

Ծերակուտական Տիք Տուրպինի շնորհուած մրցանակի հարցը

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ անգերէն լեզուով իրեն ուղղուած հարցումի մը հայող Կարդինալ Պլէզ Քուփիխի կողմէ վիժումի կողմնակից որոշումներով ծերակուտական Տիք Տուրպինի շնորհուած մրցանակի մը։ Ան նախ նշեց թէ մանրամասնութիւններ չունի հարցի մասին  հաստատելով` որ իրեն համար կարեւոր է նայիլ ծերակուտականի մը ամբողջական աշխատանքին, այս պարագային քառասուն տարուայ աշխատանքին։ Կարեւոր է նայիլ Եկեղեցւոյ ուսուցման շատ մը հարցերուն, յարեց Ան ընդգծելով թէ «ես վիժումի դէմ եմ» բայց «մահապատիժի կողմնակից» ըսելը կեանքին օգուտին չէ ու նաեւ ըսել «ես համաձայն եմ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ներգաղթեալներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի հետ»  կեանքի օգտին չէ։ Ասոնք բարդ հարցեր են եւ չեմ գիտեր եթէ կայ մէկը որ ունի համայն ճշմարտութիւնը, բայց կը խնդրեմ ամէնէն առաջ, փոխադարձ յարգանք ցուցաբերել, ու միասին որոնել ճանապարհը որուն վրայ քալել որպէս Եկեղեցի։ «Այս հարցերու շուրջ Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը շատ յստակ է» ըսաւ Քահանայապետը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 07:00