Վերանոյի գերեզմանը Վերանոյի գերեզմանը 

2 Նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Վերանոյի գերեզմանատան մէջ պիտի մատուցէ «Օր մեռելոցի» պատարագը

Ամենայն սրբոց տօնին յաջորդ օրը` 2 նոյեմբերը ըստ լատինաց «Օր մեռելոց» է ննջեցեալներու յիշատակութեան օրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ կիրակի օր` 2 Նոյեմբեր 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Հռոմի Վերանօ պատմական գերեզմանին մէջ պիտի մատուցէ ննջեցեալներու օրուան նուիրուած Սուրբ Պատարագը», լուրը կը հաղորդէ Հռոմի Թեմը հաղորդելով Ամենայն Սրբոց տօնի եւ ննջեցեալներու յիշողութեան օրուան առիթով նաեւ միւս գերեզմաններու մէջ կայանալիք արարողութիւնները։

Արդարեւ շաբաթ մէկ նոյեմբերին Լաուրենթինոյի գերեզմանին մէջ պատարագներ պիտի մատուցուին առաւօտեան ժամը 11-ին եւ կէսօրէն ետքը ժամը 3,30ին հուսկ կիրակի` 2 նոյեմբերին այլ պատարագ մը առաւօտեան ժամը 11-ին, հուսկ կէսօրէն ետքը ժամը երեքին Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը որուն պիտի հետեւի Սուրբ պատարագը։

Պատարագներ պիտի մատուցին նաեւ «Օսթիա Անթիքա» գերեզմանատան մէջ, շաբաթ մէկ նոյեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը երեքին ապա յաջորդ օրը` պատարագներ պիտի մատուցուին «Ֆլամինիօ» կամ «Փրիմա Փորթա» կոչուած գերազանին մէջ ինչպէս նաեւ «Փորթուենսէյի» փոքրիկ գերեզմանատան մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2025, 08:00