Lեւոն ԺԴ. Lեւոն ԺԴ.  (ANSA)

27 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր 2025 Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ նախ Թուրքիան ապա Լիբանանը

Այս պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Իտալիայէն դուրս Քահանայապետական առաքելական միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խոստում և երազանք։ Թուրքիան՝ Նիկիայի ժողովի երկիր, որուն այս տարի կը նշուի 1700-ամեակը։ Լիբանանը՝ Մայրիներու երկիրը, «պատգամ» երկիր, ըստ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերուն, պատերազմներէ և ճգնաժամերէ տառապող երկիրը։

Լևոն ԺԴ-ը կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապի ժառանգութիւնը և նոյեմբեր 27-էն դեկտեմբեր 2-ը կը մեկնի Թուրքիա և Լիբանան իր առաջին առաքելական ճամբորդութեամբ։ Այսպիսով, Սրբազան Պապը կը կատարէ իր նախորդի ցանկութիւնը՝ պատմութեան մէջ առաջին տիեզերական ժողովի կարևոր տարեդարձը նշելու եպիսկոպոսներու և պատրիարքներու հետ միասին ժողովի նոյն վայրին մէջ, որ այժմ կոչուած է Իզնիկ, Ստամբուլէն 130 քմ հեռաւորութեան վրայ, և կ՛ իրականացնէ այն, ինչ որ Ֆրանչիսկոսը միշտ որակած էր է «երազ», այսինքն՝ Պետրոսի յաջորդի գուրգուրանքը տանիլ լիբանանցի ժողովրդին, որուն հարուածներ հասած են  բազմաթիւ ճակատներէն, բայց միշտ կանգնած է անսասան, միշտ պատրաստ յառաջ ընդանալու։

Ահա այս երկու երկիրներն է զոր Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ մօտ օրէն եւ որուն առնչութեամբ երեքշաբթի` 7 հոկտեմբեր 2025-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Ընդառաջելով Պետութեան ղեկավարի և Երկրի եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին՝ Սրբազան Քահանայապետ Լևոն ԺԴ-ը 27-էն 30 նոյեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Թուրքիա՝ ուխտագնացութիւն կատարելով Իզնիկ՝ Նիկիոյ Առաջին ժողովի 1700-ամեակին առիթով»։

Նոյն յայտարարութեան մէջ Ան տեղեկացուց նաեւ թէ «Ի պատասխան Լիբանանի պետութեան ղեկավարի և եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին. Սրբազան Պապը 30 նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի այցելէ նաեւ Լիբանանը»։

Ճամբորդութեան ծրագիրը պիտի հրապարակուի համապատասխան ժամանակին։

Այս պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Իտալիայէն դուրս Քահանայապետական առաքելական միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2025, 12:03