Որոնել

2025.10.24 Superiori Maggiori della Compagnia di Gesù

Գացէք աշխարհի սահմանները Քրիստոսի հայեացքով. Լեւոն ԺԴ. Յիսուսեաններուն

Վերյիշելով Պօղոս Զ.-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ին խօսքերը Լեւոն Քահանայապետը յիշեցուց` որ Յիսուսեանները միշտ ներկայ են «այնտեղ` ուր հաւատքը կը հանդիպի բանականութեան եւ նորածին մշակոյթներու» ու զանոնք հրաւիրեց չի վհատելու եւ երթալու «աշխարհաքաղաքական, մշակութային, մտաւոր եւ հոգեւոր» սահմանները` Քրիստոսի վստահութեամբ, պատրաստ ըլլալով թողելու «արմատացած կառոյցներ ու դերեր» երբ Սուրբ Հոգին այդ մէկը պահանջէ անոնցմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ շատերը կը նկարագրեն որպէս դարաշրջանի փոփոխութիւն, դարաշրջան` որ յատկանշուած է մշակոյթի, տնտեսագիտութեան, արհեստագիտութեան և քաղաքականութեան արագ փոփոխութիւններով: Մասնաւորապէս, արհեստական ​​բանականութիւնը և այլ նորարարութիւնները կը վերարժևորեն մեր պատկերացումները աշխատանքի և յարաբերութիւններու մասին և նոյնիսկ հարցեր կը յառաջացնեն մարդկային ինքնութեան վերաբերեալ: Բնապահպանութեան քայքայումը կը սպառնայ հասարակաց տան: Քաղաքական համակարգերը յաճախ չեն կարողանար արձագանքել աղքատներու աղաղակին: Ժողովրդապաշտութիւնը և գաղափարախօսական բևեռացումը կը խորացնեն պառակտումները ազգերէն ներս ու անոնց միջև: Շատեր կը տուժեն սպառողականութեան, անհատականութեան և անտարբերութեան պատճառաւ: Այնուամենայնիւ, Քրիստոս տակաւին իր աշակերտները կ՛ուղարկէ այս աշխարհ»: Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Լեւոն ԺԴ. Պապը` ուրբաթ 24 հոկտեմբերի առաւօտեան Վատիկանի մէջ ընդունելով Յիսուսեան Միաբանութեան Աւագ Մեծաւորները որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց հաւաքը։

Յիսուսեանները սահմաններու մարդիկ

Վերյիշելով Պօղոս Զ.-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ին խօսքերը Լեւոն Քահանայապետը յիշեցուց` որ Յիսուսեանները միշտ ներկայ են «այնտեղ` ուր հաւատքը կը հանդիպի բանականութեան եւ նորածին մշակոյթներու» ու զանոնք հրաւիրեց չի վհատելու եւ երթալու «աշխարհաքաղաքական, մշակութային, մտաւոր եւ հոգեւոր» սահմանները` Քրիստոսի վստահութեամբ, պատրաստ ըլլալով թողելու «արմատացած կառոյցներ ու դերեր» երբ Սուրբ Հոգին այդ մէկը պահանջէ անոնցմէ։

Սիւնհոդոսականութիւն, հաշտութիւն, արդարութիւն

Ամենահրատապ սահմաններու շարքին Քահանայապետը նշեց սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը, որ կը պահանջէ փոխադարձ ունկնդրութիւն, թափանցիկութիւն եւ աւետարանական ճկունութիւն, ապա շեշտը դրաւ «հաշտութեան մասնագէտներ» դառնալու անհրաժեշտութեան վրայ, ու հակառակելու «անկարողութեան համաշխարհայնացումին» ճշմարտութեան, ներումի ու բուժումի միջոցաւ։

Նոր Մարտահրաւէրներ. Արհեստագիտութիւնը ու արհեստական բանականութիւնը

Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը երկար կերպով  արդրադարձաւ արհեստական բանականութեան մասին, գիտակցելով անոր ներուժին բայց նաեւ անոր ներկայացուցած վտանգներուն։ Եկեղեցին, ըսաւ Ան, պէտք է սատարէ այս զարգացումները կողմնորոշելու բարոյական ձեւով ի պաշտպանուին մարդկային արժանապատուութեան ու հասարակաց բարիքին։

Տիեզերական Առաքելական Նախասիրութիւնները

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապի օրով 2019-ին վաւերացուած Յիսուսեան Միաբանութեան Տիեզերական Առաքելական Նախասիրութիւններուն` այն է ցոյց տալ դէպի Աստուծոյ տանող ուղին, Հոգեւոր կրթութիւններու ու զատորոշումի միջոցաւ, համապատասխանելով ժամանակակից մարդուն իմաստի ծարաւին։ Քալել աղքատներուն ու բացառուածներուն հետ, դատապարտելով «սպանող տնտեսութեան» մը անարդարութիւնները ու խթանելով զօրակցութեան նոր ձեւեր ապա ընկերանալ երիտասարդներուն, օգնելով անոնց` որ վերագտնեն իրենց կոչումը ու կառուցեն յոյսի ապագայ մը, հուսկ հոգ տանիլ հասարակաց տան, խթանելով բնապահպանական դարձ ու կայուն եւ պարզունակ հասարակութիւններ։

Արմատացած Քրիստոսի մէջ նորոգելու համար աշխարհը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց հուսկ Յիսուսեանները միշտ մտերմիկ կերպով միացած մնալու Յիսուսին հետ, աղօթքի Խորհուրդներու ու հասարակական կեանքի միջոցաւ։ «Այս արմատէն է` որ կը ծնի քաջութիւնը խօսելու ճշմարտութիւնը, հաշտեցնելու, բուժելու եւ ազատագրելու», յարեց Ան մաղթելով որ Յիսուսեան Միաբանութիւնը «կարդայ ժամանակներուն նշանները խորաթափանց հոգետրութեամբ», եւ շարունակէ ծառայել «այսօրեայ եւ վաղուայ սահմաններուն վրայ», կերտելու համար «արդարութեան, սիրոյ եւ ճշմարտութեան» Թագաւորութիւն մը։

Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնելով Յիսուսեան միաբանութեան Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մատուցած ծառայութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2025, 14:12