Եկեղեցին կ՛աջակցի հողի, բնակարանի և աշխատանքի համար ձեր արդար պայքարին. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
21էն 26 հոկտեմբեր 2025-ին Հռոմի մէջ կը կայանայ Ժողովրդական Շարժումներու Համաշխարհային հաւաքը ու նաեւ հաւաքի մասնակցողներուն Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, որուն ծիրէն ներս է, որ Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբերի կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց անոնց Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ։
Հող, տուն, աշխատանք
Հաւաքին կը մասնակցին հինգ ցամաքամասերէ ժամանած 2.500-է աւելի պատուիրակներ, միասին խորհրդածելու ու գործելու` հող, տուն, աշխատանք նիւթերու վրայ, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը նկատէր «սուրբ իրաւունքներ», որոնք կը պատկանին իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան։
Համաշխարհային այս հաւաքին կիզակէտն էր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ հանդիպումը, որ հանդիսացաւ նաեւ անոնց միջեւ անդրանիկը ու շարունակականութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին օրով սկսած աւանդութեան։
Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումը
Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումը ծնունդ առած է 2014 թուականին որպէս պատասխան Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին ստեղծելու եղբայրութեան տարածքներ համայն աշխարհի շարժումներու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ, որպէսզի աղքատներն ու կազմակերպուած ժողովուրդները չի յանձնուին եւ դառնան փոփոխութիւններու գլխաւոր հերոսները։
Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումը կը խթանէ հանդիպումի մշակոյթը, որպէսզի ժողովրդական շարժումները իրենց պայքարը մղեն ի նպաստ մարդկային արժանապատւութեան, բնութեան ու ընկերային արդարութեան, առանց սնապարծութեան այլ քաջութեամբ, առանց բռնութեան բայց վճռակամութեամբ եւ այս գործընթացքին կ՛ընկերանայ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսութիւնը։
Աշխատանքային նիստեր
Համաշխարհային հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած աշխատանքային նիստերը կը շօշափեն վերեւ յիշուած երէկ կեդրոնական նիւթերը` Հող, որպէս գիւղատնտեսութեան բարեփոխում և բնապահպանական արդարութիւն, Տուն` որպէս արժանապատիւ բնակարան և ժողովրդական միջավայր և Աշխատանք` որպէս իրաւունքներով զբաղուածութիւն, ժողովրդական տնտեսութիւն և ինքնակառավարում:
Ձեռնարկը իր գագաթնակէտը կը գտնէ Յոբելենական ուխտագնացութեամբ, որ նախատեսուած է շաբաթ օր` 25 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դուռէն անցքով, ապա երկրորդ օրը` Սուրբ Պետրոսի մէջ նախատեսուած Սուրբ Պատարագով, մասնակցութեամբ նաեւ Սինոդական խումբերուն եւ մասնակցային մարմիններու անդամներուն, միասնաբար հաստատելու համար միասնական յանձնառումը ի նպաստ սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը, ի ծառայութիւն ընկերային արդարութեան եւ հասարակաց բարիքին։
Քահանայապետին հետ հանդիպումը
Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը իր այս անդրանիկ հանդիպումի ընթացքին ուզեց ընդգծել ու շեշտել Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` հայող «հող, տուն, աշխատանք սուրբ իրաւունքներու» մարգարէական կարեւորութեան, որոնցմէ մեկնելով հաստատեց թէ ինք եւս անոնց կողքին է։
Նորութիւններուն նայիլ արուարձաններէն
Ան ապա ակնարկեց իր նախորդներէն Լեւոն ԺԳ Պապին «Rerum novarum» շրջաբերականին, Քահանայապետը որմէ ինք առած է անունը, հրաւիրելով նորութիւններուն, այսինքն արհեստագիտութեան, տնտեսութեան ու զարգացումին նայիլ մեկնելով արուարձաններէն, ուր տակաւին կայ անարդարութիւն եւ ընկերային բացառում։
Ոչ մնացորդացի մշակոյթին
Իր երկարաշունչ ճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետ դատապարտեց «մնացորդացի մշակոյթը» ինչպէս նաեւ շահոյթի կռապաշտութիւնը, որ կը սնուցէ անհաւասարութիւն ու համաշխարհային ճգնաժամեր, ապա կոչ ուղղեց որդեգրելու պատասխանատուութիւն և զօրակցութեան բարոյականութիւն։
Մարդկայինի զգացումը կորսնցուցած աշխարհ
Նորին Սրբութիւնը չի զլացաւ դատապարտելու նաեւ աղքատ Երկիրներու կենսամիջոցներուն շահագործումը, ինչպէս նաեւ տմակարդային կերպով դիմակայուած գաղթականութեան երեւոյթը ու արհեստագիտութենէ և թմրանիւթերէ կախուածութիւնը՝ որպէս մարդկայինի զգացումը կորսնցուցած աշխարհի նշաններ։
Իր ճառի աւարտին Լեւոն ԺԴ. քաջալերեց ժողովրդային շարժումները յառաջ ընթանալու իրենց ճանապարհին վրայ որպէս «ընկերային բանաստեղծներ» եւ «մարդկայնութեան հերոսներ», որոնք կարող են կառուցել աւելի արդար եւ զօրակից ընկերութիւն մը։
Եկեղեցին ձեր կողքին է
«Եկեղեցին, հաստատեց ի վերջոյ Ան, պէտք է քալէ ձեր հետ, աղքատ աղքատներու միջեւ, քաջ եւ մարգարէական կերպով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
