«Դուք ալ պիտի վկայէք, որովհետեւ սկիզբէն իմ հետս էք». Քահանայապետի ԵՀՕ պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 7 հոկտեմբեր 2025-ին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Երիտասարդութեան Համաշխարհային 40-րդ Օրուայ նուիրուած պատգամը։ Օր` որ պիտի նշուի յառաջիկայ 23 նոյեմբերին, Քրիստոս Թագաւոր տօնին օրը։
Ընտրուած նիւթը քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն. «Դուք ալ պիտի վկայէք, որովհետեւ սկիզբէն իմ հետս էք». (Յովհ. 15,27)։
Քահանայապետը կը հրաւիրէ երիտասարդները հաւատքը ապրելու, որպէս կենդանի վկայութիւն, արմատաւորուած Քրիստոսի հետ բարեկամութեան վրայ եւ բացուած խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումին։
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն ուղղած իր այս առաջին պատգամին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց անցեալ օգոստոսին Յոբելենական ուխտագնացութեան մասնակցելուն համար, ապա կը քաջալերէ« որ կանգ չառնեն ու շարունակեն իրենց հաւատքի ուղեւորութիւնը, որ զանոնք պիտի առաջնորդէ դէպի Սէուլի մէջ 3-էն 8 օգոստոս 2027-ին կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան։
Յիսուսին հետ բարեկամութիւնը` վկայութեան սիրտ
Քրիստոնէական վկայութիւնը, կը գրէ Լևոն ԺԴ.ը, կը ծնի Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութենէն, բարեկամութիւնէն, որ մեզ կը վերափոխէ ներքնապէս ու կը մղէ գործելու աշխարհին մէջ: Նման Յովհաննէս Աւետարանիչին և Յովհաննէս Մկրտիչին, երիտասարդները կոչուած են Քրիստոսը ցոյց տալու, եւ ոչ թէ իրենք զիրենք, իրենց հաւատքը ապրելով խոնարհութեամբ, ճշմարտութեամբ և ազատութեամբ:
Միսիոներներ վիրաւոր աշխարհին մէջ
Սրբազան Պապը երիտասարդներուն կոչ կ՛ընէ ըլլալու յոյսի միսիոներներ՝ զօրակից ըլլալով անոնց հետ, որոնք կը տառապին պատերազմէն, աղքատութիւնէն և առանձնութենէն։ Ան կը խրախուսէ զանոնք չարիքին չի հակազդելու նախայարձակումով, այլ պատասխանելու սիրով, ինչպէս ըրին նահատակները և այսօր ալ հալածուող բազմաթիւ քրիստոնեաները։
Խաղաղութեան և եղբայրութեան կառուցողները
Քրիստոսի հետ հանդիպումէն կը ծնի իսկական եղբայրութիւնը, որ երիտասարդները կը մղէ աւելի արդար աշխարհի ի նպաստ շօշափելի յանձնառում մը ստանձնելու: Լևոն ԺԴ.ը կը խրախուսէ զանոնք մերժելու հաւատքի պառակտիչ օգտագործումը և միասին աշխատելու անհաւասարութիւնները վերացնելու և սոցիալական վէրքերը բուժելու համար:
Մարիամ՝ վկայութեան Մայր
Քահանայապետը ի վերջոյ երիտասարդները կը վստահի Մարիամին՝ Յիսուսի և Եկեղեցւոյ Մօր՝ խրախուսելով զանոնք Անոր հետ զարգացնելու կենդանի յարաբերութիւններ` աղօթքի, մասնաւորապէս՝ Վարդարանի աղօթքի միջոցաւ, որպէս կեանքի մարտահրաւէրներու յենարան։
«Եղէ՛ք ուրախութեան, յոյսի և խաղաղութեան վկաներ։ Աշխարհը ձեր կարիքը ունի», - Այս է Սրբազան Պապին եզրափակիչ հրաւէրը։ Հզօր և յստակ կոչ՝ եղէ՛ք Քրիստոսի ընկերներ՝ աշխարհին մէջ լոյս դառնալու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
