Նորին Սրբութիւնը յիշեց Արեւելեան Մեքսիքոյի մէջ ջրհեղեղի զոհերը ու հրաւիրեց շարունակել խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 26 Հոկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու նաեւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն Ան նախ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Արեւելեան Մեքսիքոյի բնակչութեան, որ անցեալ օրերուն թիրախ դարձաւ ջրհեղեղի։
«Կ՛աղօթեմ ընտանիքներուն համար ու բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին այս աղէտին պատճառաւ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Տիրոջ կը յանձնեմ մահացածներուն հոգիները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ան ապա նշեց որ «խաղաղութեան ի սպաս մեր աղօթքը կը շարունակուի անդադար, մասնաւորապէս Սուրբ Վարդարանի համատեղ աղօթքի միջոցաւ»։
«Խոկալով Քրիստոսի խորհուրդներուն` Սուրբ Կոյս Մարիամի հետ միասին, մերը դարձնենք պատերազմի զոհերուն` երեխաներու, մայրերու, հայրերու և տարեցներու տառապանքն ու յոյսը» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ այս թաքուն սրտով բարեխօսութեան ընդմէջէն կը բխին աւետարանական բարեգործութեան, գործնական մօտիկութեան եւ զօրակցութեան բազմաթիւ ժեստեր»
«Բոլոր անոնց` որոնք ամէն օր վստահելի հետեւողականութեամբ, յառաջ կը տանին այս խաղաղութեան յանձնառութիւնը, կը կրկնեմ. «Երանի՛ խաղաղարարներուն» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ ողջունեց Իտալիայէն եւ աշխարհի այլ վայրերէն հրապարակ գտնուող ուխտաւորներու խումբերը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
