1759483600938.JPG

Տարեցները՝ յոյսի վկաներ և սերունդներու միջև կամուրջ. Լեւոն ԺԴ.

«Երբ տարեցները միայնակ են և մերժուած են, այս կը նշանակէ անոնց հասցնել Տիրոջ քնքշութեան ուրախալի լուրը՝ անոնց հետ միասին յաղթահարելու առանձնութեան խաւարը՝ տարեցներու կեանքի այն մեծ թշնամին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու խրախուսեց որ ոչ մէկը լքուած մնայ, հրաւիրեով յատկապէս երիտասարդները, տարեցներուն հետ կառուցելու իսկական յարաբերութիւններ, որոնք կարող ըլլան լուսաւորելու բոլոր սերունդներուն հաւատքի եւ կեանքի ուղեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 3 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց տարեցներու հովուական խնամքին նուիրուած երկրորդ միջազգային համագումարին մասնակիցները եւ այս առիթով անոնք ուղղած իր ճառին մէջ շեշտեց Եկեղեցւոյ եւ Ընկերութեան մէջ տարեցներուն կարեւորութիւնը, ընդգծելով կեանքի այդ տարիքին հոգեւոր, մարդկային եւ միսիոներական արժէքը։

Տարեցները պարգեւ եւ օրհնութիւն,

Յղում կատարելով Համագումարի «Ձեր տարեցները պիտի երազեն» բնաբնին, քաղուած Յովնան մարգարէին գիրքէն, որ Ֆրանչիսկոս Պապին շատ սիրելի էր, Լեւոն ԺԴ. իր կարգին ընդգծեց տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ դաշինքի կարեւորութիւնը, որպէս ճանապարհ յոյսի` աշխարհի մը համար, որ միշտ աւելիով յատկանշուած է սերնդային բաժանումներով։

«Տարեցները պարգեւ մըն են, օրհնութիւն, զոր պէտք է ընկալել, եւ կեանքի երկարումը դրական իրողութիւն մըն է, աւելին, անիկայ մեր ժամանակներու յոյսի նշան է» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ այս մէկը է նաեւ մարտահրաւէր տես տարեցներու թիւի աճումին, որ կը պահանջէ զատորոշում եւ հասկացողութիւն։

Երկար կեանքը ողջունելի նուէր

Ան ապա դատապարտեց ծերութիւնը արժեզրկող օգտատիրոջ մտածելակերպը և հաստատեց, որ երկար կեանքը ողջունելի նուէր է, եւ ոչ թէ բեռ, զոր պէտք է կրել եւ հանդուրժել։

«Այսօր գերիշխող մտածելակերպը հակուած է արժէք տալ գոյութեան, եթէ ան հարստութիւն կամ յաջողութիւն կը ստեղծէ, եթէ ան իշխանութիւն կամ ուժ կը գործադրէ՝ մոռնալով, որ մարդիկ միշտ սահմանափակ և կարիքաւոր արարածներ են» յարեց Նորին Սրբութիւնը խօսելով տարեցներու դիւրաբեկութեան մասին, որ պատկերն է մարդկային դիւրաբեկութեան։

Փրկութիւնը չի կայանար ինքնավարութեան մէջ, այլ սեփական կարիքները խոնարհաբար ճանաչելու և զանոնք ազատօրէն արտայայտելու իմացութեան մէջ

«Տարեցները մեզի կը սորվեցնեն` որ «փրկութիւնը չի կայանար ինքնավարութեան մէջ, այլ սեփական կարիքները խոնարհաբար ճանաչելու և զանոնք ազատօրէն արտայայտելու իմացութեան մէջ», որպէսզի «մեր մարդկայնութեան չափանիշը չ՛ որոշուի այն բանով զոր կարող ենք նուաճել, այլ այն կարողութեան` որով թոյլ կու տանք սիրուիլ եւ անհրաժեշտութեան օգնութիւն ընկալելու». Եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը, որոնցմէ մեկնելով Ան յառաջացած տարիքը նկատեց բարենպաստ ժամանակ, ու հրաւիրեց Եկեղեցին այս մասին մտածելու ներշնչում քաղելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2022-ին այն նիւթին նուիրած խորհրդածութիւններու շարքէն, որոնց վրայ հիմնուելով կարելի է մշակել հովուական աշխատանք մը։

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց ժողովրդապետութիւններն ու երիտասարդները արժեւորելու տարեցները` ոչ որպէս աւետարանութեան բացասական հասցէատէրեր, այլ որպէս Եկեղեցւոյ առաքելութեան գործունեայ դերակատարներ դիտել տալով` թէ նոյնիսկ անոնք, որոնք այլևս ֆիզիկապէս գործունեայ չեն, կարող են ներդրում ունենալ աղօթքի, իմաստութեան և համայնքային ներկայութեան միջոցաւ:

Կառուցել միջսերնդային իսկական յարաբերութիւններ

«Երբ տարեցները միայնակ են և մերժուած են, այս կը նշանակէ անոնց հասցնել Տիրոջ քնքշութեան ուրախալի լուրը՝ անոնց հետ միասին յաղթահարելու առանձնութեան խաւարը՝ տարեցներու կեանքի այն մեծ թշնամին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու խրախուսեց որ ոչ մէկը լքուած մնայ։ «Թող ոչ ոք իրեն անօգուտ զգայ։ Նոյնիսկ տան մէջ հաւատքով արտասանուած պարզ աղօթքը կը նպաստէ Աստուծոյ ժողովրդի բարօրութեանը և մեր կը միացնէ հոգևոր հաղորդութեան մէջ» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց, յատկապէս երիտասարդները, տարեցներուն հետ կառուցելու իսկական յարաբերութիւններ, որոնք կարող ըլլան լուսաւորելու բոլոր սերունդներուն հաւատքի եւ կեանքի ուղեւորութիւնը։

«Սիրելի՛ բարեկամներ, միշտ յիշենք, որ Աւետարանը քարոզելը մեր հովուական ծառայութեան գլխաւոր յանձնառութիւնն է, եւ տարեցները ներգրաւելով այս միսիոներական շարժականութեան մէջ, անոնք եւս կը դառնան յոյսի վկաներ, յատկապէս իրենց իմաստութեամբ, նուիրուածութեամբ և փորձով» եղան Լեւոն ԺԴ.-ի եզրափակիչ խօսքերը նախ քան բոլորին վրայ հայցելու Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2025, 10:51