Սրբազան Պապը Վատիկանի հաղորդակցութեան գործիչներուն. «ձեր ցանցը թող հասնի մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ հանդիպում ընտանիքներու հետ միասին։ Այսպէս կարելի է որակել Շաբաթ` 11 հոկտեմբեր 2025-ի կէսօրէն ետքը, Վատիկանի Ռատիոյի պատմական կեդրոնատեղի «Լեւոն ԺԳ» անուան կառոյցի մօտ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին եւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան աշխատակիցներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումը, որ առիթ հանդիսացաւ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց որոնք` ամէն օր «գորովով եւ հայեցողութեամբ» կ՜աշխատին տարածելու համար Քահանայապետին խօսքերն ու արարքները ամբողջ աշխարհին մէջ։
«Ձեզ կը տեսնեմ ընտանիք տեսքով,- ըսաւ Պապը,- և ուրախ եմ ասոր համար, որովհետև Եկեղեցին ընտանիք է, ընտանիքներու ընտանիք» հաստատեց Ան ու գնահատեց ներկաներուն արհեստավարժութիւնը ու մշակութային բազմազանութիւնը՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս այս բազմազանութիւնը դրուած է ի ծառայութիւն Բարի լուրը հասցնելու աշխարհի բոլոր անկիւններուն։
Քահանայապետը առ այդ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան աշխատանքը համեմատեց «արտագնայ ցանցի» հետ, որ կառուցուած է Սուրբ Աթոռը կապելու ամբողջ աշխարհին։
«Ցանց, որ կազմուած է անհատներէ, իւրաքանչիւրր իր հմտութիւններով, դրուած Եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ։ Ցանց` որ կը նուիրուի աշխարհին կիսելու համար ճշմարտութիւնը, օգնել տեսնելու եւ հասկնալու, միշտ սիրով։ Ցանց` ուր դերերը տարեր են բայց ոչ մէկը աւելի կարեւոր է միւսէն» ըսաւ Քահանայապետը։
«Կամաց-կամաց ես սկսայ ձեզ ճանչնալ։ Գիտեմ, որ կ՛ աշխատիք եռանդուն կերպով Քահանայապետի խօսքերն ու ժեստերը տարածելու ամենուրէք։ Դուք այդ մէկը կ՛ընէք ամէն օր, աննկատ և թաքուն կերպով։ Բայց այսօր ես ուրախ եմ, որովհետև հնարաւորութիւն ունիմ տեսնելու ձեզ, հանդիպելու ձեր հետ, յատկապէս այս ընտանեկան միջավայրին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու կարեւոր նկատեց որ հաղորդակցութիւնը ուղեկցուի նաեւ աղօթքով. «Աշխարհը կարող է չհասկանալ այս մէկը, բայց մենք կը հասկնանք` աղօթքն է տարբերութիւն ստեղծողը» հաստատեց Սրբազան Պապը եւ հրաւիրեց ներկաները մասնակցելու այս հանդիպումէն ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած խաղաղութեան դիտաւորութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
