Սրբազան Պապը խաղաղութեան նաւին վրայ. «Դուք յոյսի նշան էք բաժանուած աշխարհի մէջ

«Սորվեցէք ըլլալ խաղաղութեան կառուցողներ» ըսաւ Քահանայապետը յիշեցնելով, որ բոլորս ալ մարդ էակներ ենք, միակ Աստուծոյ զաւակներ։ Ան ապա անոնց թողուց երեք բանալի բառեր. Երկխօսութիւն, կամուրջ եւ խաղաղութիւն, ընդգծելով, որ «Միջերկրականը պէտք է դառնայ «մեր» ծովը եւ ոչ թէ մահուան ծով»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Արևոտ և եղբայրութեամբ լի կէսօր մը Օսթիա զբօսաշրջային նաւահանգստին մէջ դիմաւորեց Լևոն ԺԴ. որ այցելեց Med25 Bel Espoir պատմական ֆրանսական նաւը, որ ամիսներէ ի վեր կը նաւարկէ Միջերկրական ծովուն մէջ, որպէս հիւր ունենալով տարբեր ազգութիւններու և կրօններու 25 երիտասարդներ։

Մարսէյի Առաջնորդ` կարդինալ Ժան-Մարք Ավելինի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ Սրբազան Պապը բազմամշակութային անձնակազմի հետ բաժնեկցեցաւ երկխօսութեան, վկայութիւններու և պարզութեան պահեր։

Պոզնիայէն, Ալճերիայէն, Սպանիայէն Պաղեստինէն, Ֆրանսայէն և Փաքիստանէն եկած երիտասարդներ Քահանայապետը դիմաւորեցին ժպիտներով և երգերով՝ Անոր նուիրելով ստորագրուած քարտէզ և «Միջերկրական ծովուն սպիտակ գիրքը»։

«Սորվեցէք ըլլալ խաղաղութեան կառուցողներ» ըսաւ Քահանայապետը յիշեցնելով, որ բոլորս ալ մարդ էակներ ենք, միակ Աստուծոյ զաւակներ։ Ան ապա անոնց թողուց երեք բանալի բառեր. Երկխօսութիւն, կամուրջ եւ խաղաղութիւն, ընդգծելով, որ «Միջերկրականը պէտք է դառնայ «մեր» ծովը եւ ոչ թէ մահուան ծով»։

Լեւոն ԺԴ ապա բոպիկ շրջեցաւ նաւուն վրայ հուսկ նաւուն ներքին սենեակին մէջ զրուցեց երիտասարդներուն հետ, որոնք անոր հետ կիսեցին սուրճը եւ ֆրանսական անուշեղէններ։ Նորին Սրբութիւնը ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն, ինչպէս Պոզնիացի Հաննանինը` որ յարեց թէ «եթէ կարող ենք խաղաղութեամբ ապրիլ փոքր նաւու մը վրայ ապա ինչու չէ աւելի մեծ աշխարհի մը մէջ»։

Քահանայապետին այցը աւարտեցաւ խաղաղութեան նուիրուած բազմալեզու տաղով ու խմբային նկարով, հուսկ «La Bel Espoir» նաւը` «Գեղեցիկ յոյս», մեկնեցաւ դէպի Քորսիքա իր ետին թողելով եղբայրութեան հետքեր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 19:33