TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Միասին պաշտպանենք ազատ եւ ճշմարիտ տեղեկատուութիւնը, Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Պապին ճառի մէկ մասը կեդրոնացաւ տեղեկատուական աշխարհին մէջ արհեստական​​բանականութեան եւ արհեստագիտութեան աճող դերին վրայ։ Լևոն ԺԴ-ը ապա բարձրացուց կարևոր հարցեր. «Ո՞վ կը կառավարէ ալկորիթմները։ Ի՞նչ նպատակով» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ուղղեց զգօնութեան՝ ապահովելու համար, որ արհեստագիտութիւնը մնայ մարդկային գործիք, եւ չի փոխարինէ մարդկութիւնը և ոչ ալ ըլլայ մի քանիներու մենաշնորհը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 9 հոկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «MINDS International» ընկերակցութեան 39րդ համաժողովին մասնակիցները անոնց ուղղելով ճառ մը կեդրոնացած տեղեկատւութեան եւ ժամանակակից ընկերութեան մէջ լրատուամիջոցներու դերին վրայ։

Հաղորդակցութեան դարաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ճգնաժամը

Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ակնյայտ իրականութեան մը վրայ. «Հաղորդակցութեան դարաշրջանին մէջ լրատուական գործակալութիւնները կ՛ապրին խոր ճգնաժամ, և նոյնիսկ օգտաբերուն համար վտանգը կայ ճշմարտութիւնը սուտին հետ շփոթելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ այսօր ոչ մէկը պէտք է կարողանայ ըսել «չէի գիտեր», խրախուսելով լուրջ լրագրութիւնը որպէս պատասխանատուութիւն և ազատութեան պատնէշ։

Լրագրութիւնը որպէս հասարակական բարիք

Տեղեկատուութիւնը որակելով որպէս հասարակական բարիք զոր պէտք է պաշտպանել, Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց լրագրողներու և քաղաքացիներու միջև կառուցելու դաշինք մը` հիմնուած բարոյականութեան, քաղաքացիական ներգրաւուածութեան և ճշմարտութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ: Այս հոգիով Ան յիշեց լրագրողներու քաջութիւնը, որոնք ամէն օր իրենց կեանքը կը վտանգեն հակամարտութեան գօտիներուն մէջ, ինչպիսիք են Ղազան և Ուքրանիան, որպէսզի աշխարհը հասանելիութիւն ունենայ ստուգուած և անկախ տեղեկատուութեան:

Կոչ հալածուած լրագրողներուն համար

Առիթէն օգտուելով Սրբազան Պապը վերահաստատեց, որ կոչը ազատ արձակելու համար անարդար կերպով բանտարկուած լրագրողները, որոնք փորձեցին պատմել ճշմարտութիւնը. «Լրագրող ըլլալը կարելի չէ երբեք յանցագործութիւն համարել, այլ պաշտպանելիք իրաւունք»։

Ապատեղեկատուութիւն և «քլիքպեյթի»

Մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, Լեւոն ԺԴ. զգուշացուց հաղորդակցութիւնը կաշառակերելու վտանգէն՝ դատապարտելով «քլիքղեյթի» պատճառած քայքայումը, ճանաչողական ապականումը, անարդար մրցակցութիւնը և ճշմարտութեան զգացողութեան կորուստը: «Լրատուական գործակալութիւնները,- ըսաւ Ան,- պէտք է ըլլան առաջնագիծի վրայ՝ հոլովելով տնտեսական կայունութիւնը ճշգրիտ և բազմազան տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքի հետ»:

Արհեստական Բանականութիւնը եւ «Ալկորիթմ»երը. Ո՞վ կը հսկէ անոնց վրայ

Սրբազան Պապին ճառի մէկ մասը կեդրոնացաւ տեղեկատուական աշխարհին մէջ արհեստական​​բանականութեան եւ արհեստագիտութեան աճող դերին վրայ։ Լևոն ԺԴ-ը ապա բարձրացուց կարևոր հարցեր. «Ո՞վ կը կառավարէ ալկորիթմները։ Ի՞նչ նպատակով» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ուղղեց զգօնութեան՝ ապահովելու համար, որ արհեստագիտութիւնը մնայ մարդկային գործիք, եւ չի փոխարինէ մարդկութիւնը և ոչ ալ ըլլայ մի քանիներու մենաշնորհը։

Ճշմարտութիւնը պատրանք մը չէ

«Մենք սահմանուած չենք ապրելու աշխարհի մը մէջ, ուր ճշմարտութիւնը կը շփոթուի սուտին հետ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ.ը յղում կատարելով Հաննա Արէնտդին որուն համաձայն ամբողջատիրութիւններու իտէալական ենթական ան է` որ այլեւս իրականութիւնը սուտէն չի զանազաներ։

Տեղեկատուութիւն, որ արժանի ըլլայ այդ անուանումին

Լեւոն ԺԴ. ճառը աւարտեց յստակ կոչով մը. «Երբեք մի՛ վաճառէք ձեր հեղինակութիւնը» ըսաւ Ան եւ թափանցիկութիւնը, հաշտուողականութիւնը, որակը և առարկայութիւնը, ցոյց տուաւ, որպէս քաղաքացիներու տեղեկատուական համակարգի գործունեայ դերի վերականգնման կարևոր արժէքներ։ «Հաղորդակցութեան տնտեսութիւնը,- ըսաւ Ան ,- չի կարող և պէտք չէ բաժնուած ըլլայ ճշմարտութիւնէն»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլոր ներկաներուն, լրագրողներուն ու լրատուամիջոցներու գործիչներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները` որպէսզի առաջնորդուած ըլլան ճշմարտութիւն եւ զօրութիւն Աստուծոյ Հոգիով, ու կարողանան շարունակել իրենց առաքելութիւնը հեզութեամբ եւ քաջութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 09:54