Որոնել

Il Papa, attenti alle strumentalizzazioni della fede

Լեւոն ԺԴ ողջունեց Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան սկիզբի գործընթացը

Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտեց Կազայի բնակչութեան եւ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ դադրեցնելու բռնութիւններն ու կործանումը, եւ բացուելու երկխօսութեան և խաղաղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, նախ քան արարողութիւնը աւարտելը, կը ցանկամ ջերմօրէն ողջունել ձեզ բոլորդ, որ հաւաքուած էք այս մեծ «վերնատան» մէջ աղօթելու Մարիամի՝ Յիսուսի Մօր հետ միասին: Դուք կը ներկայացնէք Մարեմեան նուիրուածութեամբ ներշնչուած միութիւններու, շարժումներու և համայնքներու բազմակողմանի իրականութիւնը, որ բնորոշ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի և կոչ կ՛ուղղեմ միշտ ձեր հոգևորականութիւնը հիմնելու Սուրբ Գիրքի և Եկեղեցւոյ աւանդոյթի վրայ»։  Այսպէս է` որ Լեւոն ԺԴ. սկսաւ իր ողջոյնի խօսքը, ուղղուած Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք Կիրակի 12 հոկտեմբերի առաւօտեան, մասնակցեցան Մարեմեան Հոգեւորականութեան Յոբելենական Սուրբ Պատարագին, ի ներկայութեան նաեւ Ֆաթիմայի սրբավայրէն բերուած Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանին, որուն առջեւ Քահանայապետը արտասանեց աղերսական աղօթք մը` խնդրելով անոր բարեխօսութիւնը աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար։

Քալել դէպի արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն, որ յարգէ իսրայէլացի ժողովրդի և պաղեստինցի ժողովրդի օրինական ձգտումները

Նորին Սբրութիւնը ողջունեց արարողութեան ներկայ գտնուող ուխտաւորներու բոլոր խումբերը եւ ակնարկեց վերջին օրերուն Սուրբ Երկրի մէջ յոյսի նշոյլին` հայող խաղաղութեան գործընթացքի սկիզբի համաձայնագիրին, քաջալերելով ներգրաւուած բոլոր կողմերը քաջութեամբ յարատեւելու գծուած ուղիին վրայ «դէպի արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն, որ յարգէ իսրայէլացի ժողովրդի և պաղեստինցի ժողովրդի օրինական ձգտումները»։

«Երկու տարուայ հակամարտութիւնը մահ ու աւերներ թողուց ամէնուր, յատկապէս անոնց սրտերուն մէջ, որոնք դաժանօրէն կորսնցուցած են իրենց զաւակները, ծնողները, ընկերները եւ ամէն ինչ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ հաստատելով, որ «Համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին ինք կը կիսէ անոնց անսահման ցաւը»։

Մօիկութիւն Կազայի բնակչութեան

«Այսօր, յատկապէս ձեզի ուղղուած է Տիրոջ գուրգուրանքը, այն վստահութիւնը, որ նոյնիսկ ամենամութ խաւարին մէջ Ան միշտ մեր հետն է. «Dilexi te – Ես քեզ կը սիրեմ», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Մենք Աստուծմէ՝ մարդկութեան միակ խաղաղութիւն, կը խնդրենք բուժել բոլոր վէրքերը և Իր շնորհքով օգնէ մեզի իրականացնելու այն, ինչ որ հիմա մարդկային տեսանկիւնէն անկարելի կը թուայ, այն է վերագտնել, որ միւսը թշնամի չէ, այլ եղբայր կամ քոյր, որուն կարող ենք նայիլ, ներել և հաշտութեան յոյս առաջարկել»։ 

Կոչ դադրեցնելու բռնութիւնները Ուքրանիոյ մէջ

 

Քահանայապետը առ այդ ցաւ յայտնեց ի տես Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող յարձակումներուն, որոնք «պատճառեցին անմեղ անհատներու մահը, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ, ու բազմաթիւ ընտանիքներ թողուցին առանց ելեկտրականութեան եւ ջեռուցման։

«Իմ սիրտս կը միանայ բնակչութեան տառապանքներուն, որոնք տարիներ շարունակ կ՛ապրին տառապանքի և զրկանքներու մէջ։ Ես կը նորոգեմ կոչս վերջ դնելու բռնութեան, դադրեցնելու կործանումը, բացուելու երկխօսութեան և խաղաղութեան», հաստատեց Քահանայապետը, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով Փերույի ժողովուրդին, որ կ՛ապրի քաղաքական անցումային շրջան մը։

Աղօթք Փրույի համար

«Կ՜աղօթեմ, ըսաւ Ան, որպէսզի Փերուն կարողանայ յարատեւել հաշտութեան, երկխօսութեան ու ազգային միութեան ճանապարհի վրայ»։

Աշխատանքային արկածներու զոհերուն յիշատակի օր

Նորին Սրբութիւնը յիշեց հուսկ Իտալիոյ մէջ այսօր նշուող աշխատանքային արկածներու զոհերուն յիշատակի օրը, հրաւիրելով աղօթել անոնց համար ու նաեւ բոլոր աշխատաւորներուն անվտանգութեան համար։

«Իսկ այժմ որդիական վստահութեամբ դիմենք Մարիամին», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եւ Սուրբ Պետրոս հրապարակէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2025, 12:33