Լեւոն ԺԴ. Պապին պատմական այցը Քուիրինալէ

Լևոն ԺԴ.-ի այս այցը խորհրդանշական և քաղաքական իրադարձութիւն մըն է եւ Անոր Նախագահ Մաթթարելլայի հետ հանդիպումը անգամ մը ևս ցոյց տուաւ Եկեղեցւոյ և Իտալիոյ Հանրապետութեան միջև երկխօսութիւն կենսունակութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 Հոկտեմբերը հանդիսաւոր և պատմական նշանակութիւն ունեցող օր մըն եղաւ Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններուն համար։ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր առաջին պաշտօնական այցը կատարեց Իտալիայի Հանրապետութեան նախագահ՝ պատուարժան Սերճօ Մաթթարելլային։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր պաշտօնական հանդիսաւոր արարողակարգի ամենաբարձր խստութեամբ, որ տեսաւ եկեղեցական և քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու մասնակցութիւնը։

Օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10:20 անց երբ Լեւոն ԺԴ. Պապը մեկնեցաւ Վատիկանի Առաքելական Պալատէն եւ ուղղուեցաւ Նախագահական Պալատ ընկերակցութեամբ Վատիկանեան պատուիրակութեան անդմաներուն, որոնց շարքին` Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Հռոմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի Նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփիի։

Վատիկանի և Իտալիայի սահմանին՝ Պիոս ԺԲ անուամբ հրապարակին վրայ, Նորին Սրբութեան յարգանքի տուրք մատուցեցին Իտալիայի կառավարութեան արտակարգ մէկ պատուիրակութիւնը՝ փոխ Վարչապետ եւ արտգործ նախարար Անթոնիօ Թայանիի գլխաւորութեամբ։

հուսկ դրօշով և նուագախմբի պատուաւոր ջոկատ մը յարգանքի տուրք մատուցեց Սրբազան Պապին, որմէ ետքը Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Քուիրինալէ, ընկերակացութեամբ` Իտալիոյ Քարապինիերիներու «Քորացիերի» գունդին, որ մասնագիտացած է Իտալիայի Հանրապետութեան նախագահի պատուոյ պահակախումբի, ուղեկցութեան և պաշտպանութեան մէջ:

Պալատ ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Նախագահ Մաթթարելլայի կողմէ Պալատի Պատուոյ բակին մէջ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ երկու Պետութիւններու քայլերգերով ապա Քահանայապետն ու Նախագահը ունեցան առանձնազրոյց, մինչ երկու պետութիւններու պաշտօնական պատուիրակութիւնները իրար հանդիպեցան այլ մէկ սրահի մը մէջ։

Առանձնական հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում հուսկ Նորին Սրբութիւնը այցելեց Քուիրինալէ Պալատի մատուռը եւ «Հայլիներու» Սրահին մէջ ողջունեց Իտալիոյ Հանրապետութեան ամենաբարձր պաշտօնեաները, որոնց շարքին Ծերակոյտի Նախագահ Ինիացիօ Լա Ռուսսան, Խորհրդարանի նախագահ Տիար Լորենցօ Ֆոնթանան, Վարչապետ Ճորճա Մելոնին եւ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Տիար Ճովաննի Ամորոզօ։

Պպաշտօնական ելոյթներու աւարտին` որոնք կենտրոնացան կրօնական և քաղաքացիական հաստատութիւններու միջև համագործակցութեան, խաղաղութեան և մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաև ընդհանուր բարօրութեան խթանման կարևորութեան վրայ, Քահանայապետը հակիրճ այցելութիւն տուաւ Պօղոսեան մատուռ եւ Պօղոս Զ-ի աղօթատեղի ապա Նախագահին հետ միասին դուրս եկաւ Քուիրինալէյի պատշգամէն։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաժեշտ առաւ Իտալիոյ Նախագահական պալատէն ու վերադարձ կատարեց Վատիկան։

Լևոն ԺԴ.-ի այս այցը խորհրդանշական և քաղաքական իրադարձութիւն մըն է եւ Անոր Նախագահ Մաթթարելլայի հետ հանդիպումը անգամ մը ևս ցոյց տուաւ Եկեղեցւոյ և Իտալիոյ Հանրապետութեան միջև երկխօսութեան կենսունակութիւնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2025, 12:34