2022.08.06 Fao Africa occidentale e del Sahel

FAO-ը կը նշէ սովի դէմ պայքարի համաշխարհային յանձնառութեան ամրապնդման 80-ամեակը

ՄԱԿ-ի Պարէնի և Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան 80-ամեակի շրջագիծէն ներս Լեւոն ԺԴ. Պապը առաջին անգամն ըլլալով կ՛այցելէ կազմակերպութեան Հռոմի Կեդրոնը ու կը մասնակցի Սնունդի համաշխարհային օրուան տօնակատարութեան կեդրոնական արարողութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

ՄԱԿ-ի Պարէնի և Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութիւնը (FAO) կը տօնախմբէ իր գործունէութեան 80-ամեակը, որուն առիթով Կազմակերպութեան Հռոմի կեդրոնական կեդրոնին մէջ նախատեսուած են տարբեր միջազգային ձեռնարկներ, որոնց շարքին նաեւ Համաշխարհային Սնունդի Խորհուրդի հաւաքը և Համաշխարհային Սնունդի օրուայ նուիրուած կենտրոնական արարողութիւնը,  որ տեղի ունեցաւ այսօր մասնակցութեամբ Լևոն ԺԴ. Քահանայապետին։

ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանոն, այս առիթով Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց Վատիկանի անօթութիւնը արմատախիլ ընելու եւ մարդուն արժանապատուութիւնը պաշտպանելու յանձնառութիւնը։

ՖԱՕ-ի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ սերտ յարաբերութիւն

Ան ապա ակնարկեց այն սերտ ու պատմական կապի մասին, որ գոյութիւն ունի ՖԱՕ-ի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ, յիշեցնելով որ ՖԱՕ-ը եղած է այն առաջին միջազգային կազմակերպութիւններէն մին, որուն հետ Սուրբ Աթոռը ունեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւէ ՖԱՕ-ի մէջ պաշտօնական ձեռնարկի մը եւ ըստ Գերապ. Քիքային ան  փոխանցեց «Խրախուսանքի և իրատեսութեան պատգամ մը, որպէսզի աշխարհը հասկանայ, որ սովի դէմ պայքարը բոլորին վերաբերող խնդիր է»։

Մարդը դնել սնունդի քաղաքականութեան կենտրոն

Վատիկանի ներկայացուցիչը ապա աւելցուց. որ Քահանայապետը «կը ցանկայ մարդը դնել սնունդի քաղաքականութեան կենտրոն եւ մեզի յիշեցնել, որ արհեստագիտութիւնր կամ տնտեսագիտութիւնը չեն կարող գերակշռել մարդկային արժանապատուութեան վրայ»։

Գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանոն շեշտեց թէ «աշխարհը ունի բոլոր գիտական եւ թեխնիգական գործիքները արմատախիլ ընելու համար անօթութիւնը», սակայն «կը պակսի քաղաքական կամքը» յարեց Ան հաստատելով, որ անօթութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ յանձնառութիւն և համագործակցութիւն՝ լուրջ և համապարփակ մօտեցումներ իրականացնելու գործին մէջ, որոնք կ՛արձագանքեն ամենախոցելի խումբերու կարիքներուն։

Նուազեցնել անհաւասարութիւնները եւ հաւասար կեդրպով բաշխել կենսամիջոցները 

«Այս մարտահրաւէրին դիմաց բոլորս ալ անհրաժեշտ ենք, որովհետեւ բոլորս կը պատկանինք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին» հաստատեց Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ակնարկելով նաեւ անօթութեան դէմ պայքարին համար անհաւասարութիւններու նուազեցումի եւ կենսամիջոցներու հաւասար բաշխումի անհրաժեշտութեան։

Սովի դէմ պայքարը պարտականութիւնն է համայն մարդկութեան

Ասկէ մեկնելով Ան հրաւէր ուղղեց կրօններուն ու հաւատացեալներուն, խթանելու աւելի զօրակից ապրելակերպ մը, նուազեցնելու սննդեղէնի մսխումը ու թիկունք կանգնելու ընտանեկան գիւղատնտեսութեան։ Ան ապա հրատապ նկատեց ներդրումներ կատարել աւելիով խոցելու տարածաշրջաններուն մէջ, ինչպէս Ափրիկէ եւ Արեւմտեան Ասիա շեշտը դնելով «Գիւղատնտեսական բարեփոխումներու, հողերու վերաբաշխումի ու պարէնային անապահովութեան նուազեցման» անհրաժեշտութեան վրայ։

FAO-ի 80-ամեակին առիթով պատգամը յստակ է. առաջընթացները նշանակալի են, բայց անբաւարար: Կազմակերպութիւնը և Սուրբ Աթոռը համաձայն են, որ սովի վերացումը կը պահանջէ միջազգային համագործակցութիւն, քաղաքական կամք և խոր բարոյական խղճմտանք: «Միասին մենք կարող ենք ընել այդ մէկը աւելի լաւ և միասնական», - եզրափակեց գերապ. Քիքան՝ յիշեցնելով, որ սովի դէմ պայքարը «պարտականութիւնն է համայն մարդկութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2025, 09:35