Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Նուիրեալ կեանքի անդամներուն. Պահպանեցէք Աւետարանի բնորոշ պարզութիւնը, աղքատութիւնն ու սիրտի մաքրութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը, նուիրեալ կեանք անդամներու յոբելեանի մասնակիցներուն, Սուրբ Պետրոս Հրապարակի վրայ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրեցէք քահանայապետին այս օրուան ու միւս լուրերը

8-էն-12 հոկտեմբերին, Յոյսի նուիրուած Յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս կը նշուի Նուիրեալ կեանքի անդամներուն յոբելեանը, կազմակերպուած Կրօնական կեանքի նուիրուած հաստատութիւններուն վերատեսչութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներէն ժամանած կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, վանականներուն, աշխարհական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կրօնաւորական կեանքի Նոր ձեւերուն պատկան անդամներուն մասնակցութեամբ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզիn խորհրդածութիւնը Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն վրայ՝ քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն « Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք՛ եւ պիտի բացուի ձեզի։ (Ղուկ 11,9)

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց երեք գործողութիւններ, որոնք բանալիներն են կարդալու համար նուիրեալ կեանքի անդամներուն կոչումը.
խնդել, փնտռել եւ բախել։

Խնդրել։ Խնդրելը կապուած է աղքատութեան հետ ու այն վերաբերմունքն է բոլոր անոնց որոնք կը գիտակցին, որ ամէն ինչ Աստուծոյ պարգեւն է եւ շնորհակալ ըն ամէն ինչ համար։

Փնտռել։ Փնտռտուքը կապուած է հնազանդութեան հետ, ու այդ կը խորհրդանշէ հնազանդ բացութիւն՝ ամէն օր բացայայտելու Աստուծոյ ցոյց տուած ուղին

Բախել։ Բախելը կապուած է ողջախոհութեան, դա կը նշանակէ մաքուր եւ ազատ սիրտով ստացուած սէրը մատուցել բոլոր եղբայրներուն։

Քահանայապետը ապա խօսեցաւ երեք ուղղութիւններուն մասին։

Նայիլ անցեալին։ «Խնդրեցէք, փնտռեցէք եւ բախեցէք» նաեւ հրաւէր է «յիշելու» մարդու անձնական պատմութիւնն ու կոչումը՝ ճանչնալով Աստուծոյ անշահախնդիր հայրական գործողութիւնը՝ թէ ուրախութեամբ, թէ՛ տառապանքի պահերուն մէջ։

Ապրիլ ներկայով։ Նուիրեալ կեանքի անձերը կոչուած են Աստուծոյ Առաջնութեան կենդանի վկաները, որ «ամէն ինչ իրենց համար է»։ Աշխարհի մէջ, որ յաճախ «Աստուծոյ ծառայելը անիմաստ համարուած է» եւ ու բաւարարուած է մակերեսային յարաբերութիւններով, նուիրեալ անդամներուն կեանքը պէտք է օրինակ ծառայէ ամուր եւ տեւական սիրոյ։

Նայիլ ապագային։ Աղօթքը ու նուիրեալներուն կեանքը պէտք է ունենայ վախճանաբանական ծաւալը, այսինքն՝ անընդհատ կողմնորոշուած ըլլալ դէպի յաւերժութիւն։ Անոնք ունին «ապագայ բարութեան» վկաները ըլլալու յատուկ պարտականութիւն՝ յիշեցնելով աշխարհին Աստուծոյ հանգիստին մէջ անոր վերջնական նպատակը։

Քահանայապետը քարոզը աւարտեց Սուրբ Պօղոս ԺԶ-ի յորդորով՝ պահպանել Աւետարանի բնորոշ պարզութիւնը, աղքատութիւնն ու սիրտի մաքրութիւնը, ըլլալ Աստուծոյ խաղաղութեան կրողները աշխարհին մէջ։

«Սիրելիներ, Տէրը, որուն ամէն ինչ տուիք, ձեզ յատուցեց այդպիսի գեղեցկութեամբ եւ հարստութեամբ, եւ ես կը փափաքին յորդորել ձեզ գնահատել եւ զարգագնել ՝ յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ-ի որոշ արտայայտութիւններ. «Պահպանեցէ՛ք, -գրեց Ան կրօնաւորներուն, - Աւետարանի «փոքրիկի» պարզութիւնը։
Եղէ՛ք իսկապէս աղքատ, հեզ, սրութեան ծառաւ, ողորմած սիրտով, մաքուր, անոնց որոնց շնորհիւ աշխարհը պիտի ճանչնան Աստուծյո խաղաղութիւնը։ (Սուրբ Պօղոս Զ. Առաքելական յորդոր, Evangelica Testificatio, 1971 թուականին յունիսի 29, 54):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 10:45