Որոնել

Լիզիոյի Սրբուհի Թերեզան Լիզիոյի Սրբուհի Թերեզան  (Caroline Dreier)

Լեւոն ԺԴ. պատգամը Մանուկ Յիսուս Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասման 10-րդ ամեակի կապակցութեամբ

Սրբուհի Թերեզային ծնողքը՝ Լուճիճն եւ Զելիան սրբութեան կոչումին հասան, ոչ թէ հեռանալով աշխարհէն, այլ սովորական կեանք ապրելով։ Լեւոն ԺԴ. Պապին նամակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրեցէք քահանայապետին այս օրուան ու միւս լուրերը

Սեզի եպիսկոպոս, գերպ Պրուն Ֆէյէի ուղղած նամակին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը իր հոգեւոր մտերմութիւնը յայտնեց Յիսուս Մանուկ Սրբուհի Թերեզայի հօր եւ Մօրը՝ Լուիճի եւ Զելի Մարթիններուն սրբադասման 10 ամեակի կապակցութեամբ, որ սրբադասուած են իրենց ամուսնական կեանքի վայրերուն մէջ։

Նամակին մէջ քահանայապետը ընդգծեց Սրբուհի Թերեզայի սրբդաստաման կարեւորութիւնը, քանի որ այս զոյգին առաջին նմանօրինակ քայլն է որ կը շեշտէ ամուսնութիւնը որպէս սրբութեան իսկական ուղի։ Մարթինները հասկցան որ կարող են սրբադասուիլ ամուսնութեան միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ պապը ընգծեց, թէ ինչպէս Լուճիճն եւ Զելիան սրբութեան կոչումին հասան, ոչ թէ հեռանալով աշխարհէն, այլ սովորական կեանքի մէջ ապրելով, ժողովրդապետութեան, աշխատանքի, եղբայրսիրութեան մէջ, դառնալով հարեւան սուրբեր»։

Նամակին մէջ Մարիտնները ներկայացուց որպէս հաւատարմութեան, եռանդի, երեխաներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան, բարեգործութեան, ընկերային արդարութեան եւ փորձութիւններուն առջեւ վստահութեան տիպարներ։ Անոնք կը վկայեն որ քրիստոնէական ընտանիքը ձանձրոյթ չէ այլ երջանկութեան եւ խոր ուրախութեան աղբիւր,։ Անոնք ցոյց կու տան որ կիրակի օրերը հաւաքուիլը, միասին աղօթելը, փորձութիւններուն ժամանակ միասին հաւաքուիլը, յոյս ունենալու ուրախութիւն է։

Քահանայապետը յիշեցուց, որ Սրբուհի Թերեզան պիտի չկարենար Յիսուսն ու Մարիամը սիրել, եթէ այդ մէկը սորված չ՝ըլլար իր ծնողքէն ու նամակը աւարտեց հայցելով ընտանիքներու Սուրբ Լուիճի, Զէլիա եւ Սրբուհ Թերեզայի պաշտպանութիւնը եւ տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2025, 11:39