Որոնել

2019.04.25 Fabio Garbari, indigeni

Յոբելեանը` որպէս հաշտութեան եւ յոյսի ճանապարհորդութիւն` բնիկ ժողովուրդներուն համար. Լեւոն ԺԴ. պատգամը

Յղում կատարելով Աւետարանի սերմերուն, ոոնք ներկայ են իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ, Քահանայապետը հրաւիրեց արժեւորել սկզբնական ծագման աւանդութիւններու հարստութիւններն ու արմատները, Աւետարանի լոյսին տակ, որ կը վերափոխէ առանց ոչնչացնելու։ Ան ապա ուժեղ կոչ ուղղեց Աւետարանական քաջութեան, Քրիստոսը աւետելու առանց վախի, ու ճշմարտութիւնը ըսելու ազատութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2025-ի Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան առիթով Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած բնիկ ժողովուրդներու ցանցի եւ բնիկ ժողովուրդներու աստուածաբանութեան աստուածաբաններու ցանցի հաւաքին, հոգեպէս միանալով անոնց եւ ընդգծելով տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ անոնց ներկայութեան եւ հոգեւորականութեան կարեւորութիւնը ։

Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնեց բնիկ ժողովուրդներու հասարակութիւններուն, իրենց յոբելենական ուղեւորութեան գործնական մասնակցութեան համար, հրաւիրելով զանոնք Յոբելեանը ապրելու որպէս յատկանշական պահ մը, հանդիպելու Յիսուս Քրիստոսին, աղբիւրը սիրոյ, հաշտութեան եւ յոյսի։

Եկեղեցին տիեզերական է եւ  վայր հիւրընկալութեան եւ երկխօսութեան

Ան ապա մատնանշեց, թէ Եկեղեցին տիեզերական է եւ պէտք է ըլլայ վայր հիւրընկալութեան եւ երկխօսութեան, ուր իւրաքանչիւր մշակոյթ եւ ժողովուրդ, ու յատկապէս բնիկ ժողովուրդները, կարող ըլլան բաժնեկցիլ սեփական հոգեւոր պարգեւները։ Սուրբ Դուռէն մտնելը կը նշանակէ մտնել Քրիստոսի հաւատքի և սիրոյ մէջ, եւ ոչ թէ պարզապէս խորհրդանշական ժեստ մը ընել, նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ։

 Լատին Ամերիկայի աւետարանութեան պատմութեան մէջ «լոյսեր եւ ստուերներ»

Ան ակնարկեց նաեւ Լատին Ամերիկայի աւետարանութեան պատմութեան մէջ «լոյսերուն եւ ստուերներուն» խրախուսելով հաշտուիլ պատմութեան հետ ու դիմել իսկական ներումի ըստ Յոբելենական Հոգիին։

Աւետարանական քաջութիւն

Յղում կատարելով ապա Աւետարանի սերմերուն, ոոնք ներկայ են իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ, Քահանայապետը հրաւիրեց արժեւորել սկզբնական ծագման աւանդութիւններու հարստութիւններն ու արմատները, Աւետարանի լոյսին տակ, որ կը վերափոխէ առանց ոչնչացնելու։ Ան ապա ուժեղ կոչ ուղղեց Աւետարանական քաջութեան, Քրիստոսը աւետելու առանց վախի, ու ճշմարտութիւնը ըսելու ազատութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։

«Բնիկ ժողովուրդները պէտք է իրենց մարդկային, մշակութային և քրիստոնէական ձայնը լսելի դարձնեն ազգերու համախմբման մէջ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով որպէս կեդրոն ընտրելու միայն Աստուած եւ ոչ թէ իշխանութիւնը, տիրապետութիւնը կամ արհեստագիտութիւնը

Ուրախութեամբ հռչակել Աւետարանը

Ի վերջոյ Ան բոլոր ժողովականները յանձնեց Կուատալուփի Տիրամօր հովանիին ու հրաւիրեց բոլորը նորոգելու Քրիստոսի միսիոներական կոչումը, բոլոր ազգերուն ուրախութեամբ հռչակելու համար Աւետարանը, սրտերը սեւեռած Տիրոջ` կեանքի եւ յոյսի աղբիւր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2025, 10:14