Լեւոն ԺԴ. այսօր ընդունեց Ուրուկայի նախագահը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 17 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Ուրուկուէյի Արևելեան Հանրապետութեան նախագահ Եամանտու Օրսին։ Այնուհետև Օրսին հանդիպեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու և Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնի բազմակողմանի բաժնի ենթաքարտուղար Գերապայծառ Տանիէլ Պաքոն։
Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին ընդգծուեցան երկկողմ լաւ յարաբերութիւնները և զանոնք աւելի ամրապնդելու ցանկութիւնը:
Ընդգծուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ կողմէ երկրին մատուցած արժէքաւոր ներդրումը, մասնաւորապէս կրթութեան և աղքատութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ:
Զրոյցի ընթացքին աւելի ուշ քննարկուեցան բարոյական հարցեր և ժողովրդագրական խնդիրներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
