Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը՝ մարդկութեան սկզբնական եւ հիմնարար դպրոց․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Տարբեր ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային շրջագիծերէն ներս տարբեր են մարտահրաւէրները, որոնց կը բախուինք. սակայն, ամենուր եւ միշտ մենք կոչուած ենք աջակցելու, պաշտպանելու եւ խթանելու ընտանիքը, նախ եւ առաջ՝ Աւետարանին համապատասխան ապրելակերպի միջոցաւ»։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերը արտասանեց «Ամուսնութեան եւ Ընտանիքի Գիտութիւններու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետական Աստուածաբանական Համալսարանի» շուրջ 300 ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, զոր կայացաւ այսօր՝ 24 Հոկտեմբերին, Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։
Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ներիմացումէն ծնած եւ Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութեամբ ոգեշնչուած Համալսարանը նպատակ ունի պատրաստելու մասնագէտներ, որոնք կարող են արձագանքել ընտանիքի մարտահրաւէրներուն՝ իրականացնելով միջառարկայական եւ երկխօսական մօտեցում աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ այլ նիւթերու միջեւ եւ մշակելով տեղական իրականութեան յարմարեցուած հովուական մօտեցումներ՝ ոգեշնչուած Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեամբ։
Վերադարձնել ժամանակն ու տարածքը ընտանիքի մէջ ընկալուած սիրոյն
Իր պատգամին մէջ շեշտելով այս միտքը, Լեւոն ԺԴ. նկատել տուաւ, որ «հասարակութեան մէջ, որ յաճախ շեշտը կը դնէ արտադրողականութեան եւ արագութեան վրայ՝ ի վնաս յարաբերութիւններու, անհրաժեշտ է վերադարձնել ժամանակն ու տարածքը ընտանիքի մէջ սորված սիրոյն, որտեղ կը միահիւսուին վստահութեան, նուիրելու եւ ներելու առաջին փորձառութիւնները՝ կազմելով հասարակական կեանքին իսկ հիւսուածքը»:
Աջակցիլ յղի մայրերուն քաղաքականութիւններ խթանելու միջոցաւ
Սրբազան Հայրը յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը մարդկային կեանքի արժանապատւութեան մասին՝ կոչ ըրաւ աջակցելու յղի մայրերուն եւ խթանելու քաղաքականութիւններ եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛ընդգծեն ծննդաբերութեան գեղեցկութիւնը եւ մայրութեան ու հայրութեան ընկերային պատասխանատուութիւնը։
Խորացնել ընտանիքի եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան միջեւ կապը
Մարդկային կեանքը պարգեւ է, որ պէտք է յարգուի եւ պաշտպանուի, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը՝ յիշեցնելով Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովի նախանշած ուղին առ այն, որ ընտանիքը պէտք է դիտարկուի որպէս հասարակութեան առաջին բջիջ, որպէս մարդկութեան սկզբնական եւ հիմնարար դպրոց։
Այս առումով Պապը քաջալերեց խորացնել ընտանիքի եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան միջեւ կապը՝ երկու փոխլրացնող ուղղութիւններով․ ընտանիքի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը դիտարկել Եկեղեցւոյ կողմէ հասարակական կեանքի համար առաջարկուող իմաստութեան ժառանգութեան էական մաս, եւ երկրորդ՝ այս ժառանգութիւնը հարստացնել ընտանեկան փորձառութիւններով՝ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան իսկ սկզբունքները աւելի լաւ հասկնալու համար։
Խթանել երիտասարդները լսելու եւ անոնց հետ երկխօսելու գործընթաց
Նորին Սրբութիւնը․ այնուհետեւ ուշադրութիւնը հրաւիրեց ամուսնութեան մերժման մարտահրաւէրներու վրայ եւ խրախուսեց խթանել երիտասարդները ունկնդրելու եւ անոնց հետ երկխօսելու գործընթացը՝ հիմնուած աղօթքի եւ հոգեւորականութեան վրայ:
Շարունակել սինոդալ ճանապարհը՝ որպէս Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան ձեւաչափ
Ի վերջոյ Պապը հրաւիրեց ներկաները շարունակել սինոդալ ճանապարհը՝ որպէս աւելի իսկական եւ հիւրընկալ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան ձեւաչափ, եւ յղում կատարելով Եպիսկոպոսներու վերջին Սինոդի եզրափակիչ փաստաթուղթին նշեց, որ չնայած կրած տառապանքներուն «ընտանիքները առանձնաշնորհեալ վայրեր են, որմէ ներս կը սորվինք փոխանակուիլ սիրոյ, վստահութեան, ներման, հաշտեցման եւ հասկացողութեան պարգեւներով»։
Լեւոն ԺԴ․ պատգամն աւարտեց ուսումնական տարուայ լաւագոյն մաղթանքներով եւ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով բոլոր ներկաներուն վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
