Վաշխը լուրջ մեղք է եւ բեռ է, որ խեղդամահ կ’ընէ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Վաշխի երեւոյթը կը յիշեցնէ մարդկային սրտի ապականութիւնը։ Վաշխը ցաւոտ ու հին պատմութիւն մըն է՝ վկայուած Աստուածաշունչի մէջ եւ դատապարտուած՝ շահագործումի ու աղքատներու նկատմամբ անարդարութեան բոլոր ձեւերուն հետ, Մարգարէներու կողմէ։ Վաշխառութիւնը կարող է հանգեցնել ընտանեկան ճգնաժամերու, որոնք կարող են հիւծել միտքն ու սիրտը այն աստիճան, որ մարդը ինքնասպանութիւնը համարէ իր միակ ելքը։ Այս միտքը արտայայտեց Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Վաշխառութեան դէմ պայքարի իտալական ազգային խորհուրդին շուրջ 150 անդամներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, որոնց ընդունեց շաբաթ՝ 18 Հոկտեմբերին Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։
Թուացեալ օգնութիւն, որ կը դառնայ խեղդող բեռ
Վաշխը, ըստ Սրբազան Քահանայապետին, լուրջ մեղք է, որ կը դրսեւորուի ըլլայ անհատական, ըլլայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մակարդակներուն վրայ։
Առաջին պարագային նիւթական դժուարութիւններու մէջ յայտնուած անձերուն թուացեալ օգնութեան առաջարկը ի վերջոյ կը բացայայտէ իր իսկական դէմքը եւ կը դառնայ խեղդող բեռ։
Վաշխառու ֆինանսական համակարգերը կարող են ծնկի բերել ողջ ժողովուրդներու
Երկրորդ պարագային «վաշխառու ֆինանսական համակարգերը կարող են ծունկի բերել ողջ ժողովուրդներու, նկատեց Պապը՝ յորդորելով չի թերագնահատել «անոնք, որոնք առեւտուրի մէջ վաշխառուական եւ շուկայական գործելակերպերով, կ’առաջացնեն մարդկութեան մէջ իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու սովն ու մահը» (Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետական ուսմունք, թիւ 2269).
Վաշխառուները դարձի բերելու կարեւորութիւնը
Դիմելով ներկաներուն Սրբազան Հայրը արժէքաւոր նկատեց անոնց յանձնառութիւնը՝ ուղղուած վերջ դնելու նման գործելաոճին, որ, ըսաւ Ան, յատկապէս համահունչ է Յոյսի Յոբելեանի ոգիին։
Ասկէ մեկնելով Պապը, յղում կատարելով Ղուկաս Աւետարանիչին (Ղուկաս 19, 1 – 10), հրաւիրեց խորհրդածել Յիսուսի վերաբերմունքի մասին մաքսապետ Զակքէոսի նկատմամբ, որ սովոր էր բռնութեան ու ճնշումներու եւ կը չարաշահեր իր դիրքը՝ մարդիկը շահագործելու եւ ամենաթոյլերուն թալանելով շահոյթ ստանալու համար:
Յիսուս, սակայն, կը փնտռէ զինք՝ ըսելով, որ իր տունը պիտի գիշերէ եւ այն ատեն տեղի կ’ունենայ ամենաանհաւանականը։ Քրիստոսի առատաձեռնութիւնը ամբողջովին կը կոտրէ այդ մարդուն, կը փոխակերպէ անոր սիրտը։
Գիտակցութեան գալով ան կը հասկանայ իր սխալը եւ կ’որոշէ վերադարձնել «տոկոսով»։ «Միայն առատաձեռնութիւնը արդիւնաւէտօրէն կը բացայայտէ մեր մարդկայնութեան իմաստը։ Երբ կը գերակշռէ շահոյթի հետապնդումը, միւսները կը դադրին մարդ ըլլալէ, այլեւս չունին դէմք, կը դառնան պարզապէս շահագործման առարկաներ, ինքզինք եւ իրենց հոգիները կը կորսնցնեն։
Վաշխառուներու դարձը նոյնքան կարեւոր է, որքան անորմէ տուժածներու հետ մօտիկութիւնը», եղաւ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին վերջին խորհրդածութիւնը։
Ան աւարտեց պատգամը՝ խրախուսելով ներկաները շարունակելու առաքելութիւնը եւ իր առաքելական օրհնութիւնը բաշխեց բոլորի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
