Մարեմեան Հսկում Լևոն ԺԴ-ի հետ. «Զինաթափենք սրտերը՝ խաղաղութիւն կառուցելու համար»։

Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը զօրեղ կոչ մը ուղղեց հզօրներուն։ «Մէկդի դրէք ձեր սուրը» նշեց Սրբազան Պապը հաստատելով` որ խաղաղութիւնը չի ծնիր ուժէն այլ արդարութենէն եւ ներումէն։ Ապա շեշտեց. Նախ քան ձեռքերը զինաթափելը, զինաթափենք սիրտը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«խաղաղութիւնը անզէն եւ զինաթափ։ Ան զսպում չէ, այլ եղբայրութիւն, վերջնագիր չէ, այլ երկխօսութիւն։ Չի գար որպէս թշնամիի նկատմամբ յաղթանակներու պտուղ, այլ որպէս արդարութեան և քաջարի ներման սերմեր ցանելու արդիւնք»։ Կոչն է սա զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը յղեց Շաբաթ 11 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Մարեմեան Հոգեւորականութեան յոբելեանի առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Խաղաղութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ընթացքին իր ներկայացուած խորհրդածութեան մէջ։

Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամը ներկայացուց որպէս քրիստոնէական ճանապարհորդութեան ուղեցոյց՝ հաւատքի կին, կարեկից մայր, հաւատարիմ աշակերտ։

Յիշելով Տիրամօր Աւետարանի խօսքերը՝ «Ըրէք այն, ինչ որ ձեզի կը հրամայէ» Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին գործնական կերպով ապրելու Յիսուսին պատգամը, Աւետարանը վերածելով ամենօրեայ գործողութեան։

Ան ապա զօրեղ կոչ մը ուղղեց հզօրներուն։ «Մէկդի դրէք ձեր սուրը»,  հաստատելով` որ խաղաղութիւնը չի ծնիր ուժէն այլ արդարութենէն եւ ներումէն։ Ապա շեշտեց. «Նախ քան ձեռքերը զինաթափելը, զինաթափենք սիրտը»։

Անդրադառնալով Մարիամի Մեծացուսցէին, Նորին Սրբութիւնը  ընդգծեց իրականութեան նկատմամբ այլընտրանքային հայեացքի մը անհրաժեշտութիւնը՝ ամենավերջիններու` աղքատներու, գաղթականներու և պատերազմի զոհերու տեսանկիւնէն։ Միայն այս կերպով կարող ենք կառուցել նոր ապագայ՝ հիմնուած եղբայրութեան և զօրակցութեան վրայ» նկատել տուաւ Ան եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց` Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյսին նուիրուած աղօթքով մը, որպէսզի ընկերանայ եւ աջակցի Եկեղեցւոյ յանձնառումին աւելի լաւ, խաղաղ եւ մարդկային աշխարհի մը ի նպաստ։

Նշենք` որ աղօթքին սկիզբը  Սրբազան Պապը Սուրբ Կոյսին եւ Ֆաթիմայի Սրբավայրին նուիրեց ոսկեայ վարդ մը, ապա Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ժամանակ իւրաքանչիւր տասը հատիկներէն ետքը ընթերցուեցան Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի Սուրբ Կոյս Մարիամի Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ Խորհուրդին մէջ դերին նուիրուած «Lumen Gentium» փաստաթուղթի ութերորդ գլուխէն հատուածներ յիշատակելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովին բացման տարեդարձը` 11 հոկտեմբեր 1962-ին. իսկ Վարդարանի աղօթքէն ետքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը` հայցելու համար խաղաղութեան շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 19:51