BRITAIN-ROYALS-QUEEN-DEATH

Սրբազան Պապը 23 հոկտեմբերին պիտի ընդունի Անգլիայի թագաւորական ընտանիքը

Չարլզ թագաւորը և թագուհի Քամիլլան պետական այցով կը ժամանէ Վատիկան. հանդիպում, որ կ՛ունենայ ուժեղ համամիութենական բնոյթ և յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ համապարփակ բնապահպանութեան: Թագաւորին պիտի շնորհուի Թագաւորական եղբայրութեան տիտղոսը Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յառաջիկայ 23 Հոկտեմբեր 2025-ին Չարլզ III թագաւորը և թագուհի Քամիլլան Վատիկան կը ժամանեն՝ պետական ​​այցով մը, որ պիտի ունենայ համամիութենական նշանակութիւն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով համապարփակ բնապահպանութեան։

Հանդիպումը կը կայանայ 2025-ի յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուայ եւ «Laudato Si'» շրջաբերականի տասնամեակի շրջագիծէն ներս։

Հանդիպումներ

Օրը պիտի սկսի Վատիկանին մէջ պաշտօնական ընդունելութեամբ և պիտի շարունակուի Քահանայապետի եւ Թագաւորական ամոլի միջև յատուկ առանձնական հանդիպումվo, ապա այլ պաշտօնական հանդիպումներով և Սիքստինեան մատրան մէջ արարչագործութեան խնամքի համար համամիութենական աղօթքով, զոր պիտի գլխաւորէ Լեւոն ԺԴ. եւ պիտի ոգեւորեն Սիքստինեան Մատրան և Լոնտոնի Թագաւորական մատրան երգչախումբերը: Արարողութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ Ամպրոզիոսի տաղը, զոր թարգմանած է Սուրբ Ժոն Հենրի Նիումանը, որ իր կեանքին կէսը ապրած է որպէս Անկլիքան Եկեղեցւոյ հաւատացեալ եւ միւս կէսը` որպէս Կաթողիկէ եւ որ յառաջիկայ մէկ նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. զայն պիտի հռչակէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ: Արարողութիւն` որուն պիտի մասնակցի նաեւ Անկլիքան Եկեղեցիէն կարեւոր պատուիրակութիւն մը։

Աղօթք Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ

Կէսօրէն ետք, պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ՝ , Չարլզ թագաւորը պիտի ստանայ «Սուրբ Պօղոսի թագաւորական եղբայր» տիտղոսը՝ որ հոգևոր ճանաչում մըն է անոր համամիութեան ի սպաս յանձնառումին համար։ Անոր պիտի նուիրուի ապա թագաւորական զինանշանով գահ մը, որ պիտի մնայ Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, լատինական «Ut unum sint - որպէսզի անոնք մէկ ըլլան» գրութեամբ։

Ձեռնարկը կը ներկայացնէ Կաթողիկէ և Անկլիքան եկեղեցիներու միջև երկխօսութեան պատմական պահ մը, արդարեւ ինչպէս ընդգծեց գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչեն: Քույր Ալեսանտրա Զմերիլլին ընդգծեց Թագաւորական տան հետ համագործակցութիւնը շրջակայ միջավայրի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են կլիմայի փոփոխութիւնը և կայունութիւնը, համաձայն «հասարակաց տան հոգ տանելու» համատեղ յանձնառութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2025, 08:00