2025.10.27 Sua Santità Mar Awa III, Catholicos-Patriarca della Chiesa Assira dell'Oriente

Լիակատար հաղորդութեան ճամբուն՝ մտածուած կերպով արձագանքել մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն․ Լեւոն ԺԴ․՝ Մար Ավա Գ․ին.

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ յանձնաժողովի անդամները։ Պապը շեշտեց վերջին տարիներուն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ միջև պաշտօնական երկխօսութեան մէջ գրանցուած նշանակալի առաջընթացը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց համատեղ յանձնաժողովի աստուածաբաններուն, «առանց որոնց դաւանաբանական եւ հովուական համաձայնութիւնները հնարաւոր պիտի չըլլային»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 27 Հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ. Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ յանձնաժողովի անդամներուն։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը անդրադարձաւ վերջին տարիներու համատեղ այցելութիւններուն՝ «ամրապնդուած գեղեցիկ աւանդոյթ», որոնք, ըսաւ Ան, վկայութիւնն են այն բանի, որ «Եղբայրական հանդիպումը» եւ «աստուածաբանական երկխօսութիւնը» փոխադարձաբար կազմաւորող բաղադրիչներ են միասնութեան ճանապարհին։

Երկխօսութեան աւելի քան երեսունամեայ ճանապարհ

Երկխօսութեան ճանապարհ, որու երեսունամեակը լրացաւ 2024ին եւ որու ընթացքին արձանագրուած առաջընթացը նշանակալի է, շեշտեց Սրբազան Հայրը՝ յիշատակելով Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի եւ Մար Տինքա Դ․-ի միջեւ 1994 թուականին ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը։

Այս ամէնը հիմք հանդիսացաւ, ըստ Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի, աստուածաբանական երկխօսութեան յաջորդ փուլերու համար՝ Քրիստոնէական հաւատքի վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու համար՝ վերջ դնելով 1500-ամեայ վէճին։ Ասկէ մեկնելով, Ան յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց համատեղ յանձնաժողովի աստուածաբաններուն՝ «առանց որոնց դաւանաբանական եւ հովուական համաձայնութիւնները հնարաւոր պիտի չըլլային»:

Լիակատար հաղորդութիւնը չենթադրեր կլանում կամ գերիշխանութիւն

Լիակատար հաղորդութեան ճամբուն, որ կը շարունակէ մնալ առաջնային մարտահրաւէրը, եւ որ չենթադրեր եւ երբեք չէ ենթադրած «կլանում կամ գերիշխանութիւն», պէտք է միաժամանակ մտածուած կերպով արձագանքել մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը։

Սիւնհոդոսականութիւնը խոստումնալից առաջխաղացման ուղի

Այս շրջագիծէն ներս սիւնհոդոսականութիւնը նկատելով որպէս խոստումնալից առաջխաղացման ուղի, Լեւոն ԺԴ․ յիշեց Մար Ավա Գ. ի այցելութիւնը 2022 թուականին, որուն ատեն, ընդգծեց Ան, Ֆրանչիսկոս Պապը ներմուծեց արտայայտութիւն մը, որ աւելի ուշ ներառուեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերջին Սինոդի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ, որ է՝ «Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած սիւնհոդոսական ճամբորդութիւնը տիեզերական է, ինչպէս որ տիեզերական ճամբորդութիւնը սիւնհոդոսական է» (Յանուն սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն, 23):

Կիրառելու սիւնհոդոսականութեան ձեւերը բոլոր աւանդոյթներու քրիստոնեաներու մէջ

«Այդ Սինոդի ոգիով անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը մղէ մեզի գործնականի մէջ կիրառելու սիւնհոդոսականութեան ձեւերը բոլոր աւանդոյթներու քրիստոնեաներու մէջ», նշեց հուսկ Սրբազան Հայրը՝ մաղթելով շարունակել այս ուխտագնացութիւնը երկու Եկեղեցիներու բոլոր սուրբերու, մասնաւորապէս՝ Նինուէի Սուրբ Իսահակի աղօթքներով, որուն անունը 2024ին ներառուեցաւ Հռոմէական ծէսի սուրբերուն տօնացոյցին մէջ, եւ հրաւիրելով միասին աղօթելու «Հայր մերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 12:00