2025.10.23 Membri dell'Ordine Equestre del Santo Sepolcro di Gerusalemme

Դուք կոչուած էք վկայելու, որ կեանքը կը յաղթէ մահուան, սէրը կը յաղթէ ատելութեան, ներումը կը յաղթէ վրէժխնդրութեան․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց «Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման» Ուխտի ասպետներուն ու ասպետուհիներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Տարուայ Յոբելեանին մասնակցելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 23 Հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման» Ուխտի ասպետները ու ասպետուհիները, որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Տարուայ Յոբելեանին մասնակցելու համար։

«Դուք Հռոմ ժամանած էք աշխարհի տարբեր մասերէն, եւ այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ, որ ուխտագնացութիւնը ձեր պատմութեան ակունքներու մէջ է։ Ծնած էք, արդարեւ, Սուրբ Գերեզմանը պահպանելու, ուխտաւորներուն հոգալու եւ Երուսաղեմի Եկեղեցիին նեցուկ կանգնելու համար», նշեց Սրբազան Հայրը՝ անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Այս` «խոնարհութեամբ, նուիրուածութեան եւ զոհաբերութեան ոգիով» օժանդակութիւնը Սուրբ Երկրի համայնքներուն, ըստ Քահանայապետի, կը տրամադրուի «աննկատ եւ առանց հրապարակայնութեան ՝ աջակցելով Երուսաղեմի Լատին Պատրիարքութեան գործունէութեան տարբեր մարդասիրական եւ կրթական նախագծերու ոլորտներու մէջ, իբրեւ ապացոյց այն բանի, որ Քրիստոսի Գերեզմանի հանդէպ հոգատարութիւնը միայն պատմա-հնագիտական ​​կամ գեղարուեստական ​​ժառանգութեան պահպանում չէ, այլեւ՝ «աջակցիլ է կենդանի քարէն կառուցուած Եկեղեցւոյ, զոր ծնած է անոր շուրջը եւ կը շարունակէ ապրիլ այսօր՝ որպէս Զատկական յոյսի իսկական նշան»։

Այս իմաստով, Լեւոն ԺԴ․ շեշտը դրաւ հետեւեալ երեք ծաւալներու վրայ՝ վստահութեամբ սպասում, յոյս եւ նայիլ դէպի նպատակ։

Վստահութեամբ սպասում

Տիրոջ Գերեզմանի մօտ կանգ առնել, ըսաւ Քահանայապետը, կը նշանակէ վերականգնել հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, ուր ցաւը պատասխան կը գտնէ վստահութեան մէջ։ «Աշխարհի մէջ, ուր ամբարտաւանութիւնն ու բռնութիւնը, կարծես, կը գերակայեն ողորմածութեան վրայ, դուք կոչուած էք վկայելու, որ կեանքը կը յաղթէ մահուան, որ սէրը կը յաղթէ ատելութեան, որ ներումը կը յաղթէ վրէժխնդրութեան», յորդորեց Լեւոն ԺԴ.-ը․։

Յոյսը

Երկրորդ ծաւալին՝ յոյսին անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այդ մէկը մարմնաւորուած է այն կանանց սրբապատկերի մէջ, որոնք կը քալեն դէպի գերեզման՝ Յիսուսի մարմինը օծելու համար: Ասկէ մեկնելով, Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց անգամ մը եւս «Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման» Ուխտի ասպետներու ու ասպետուհիներու աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ, ըսաւ Ան, «լոյսի շող կը վերաբացուի անհատներու, ընտանիքներու եւ ամբողջ համայնքներու համար, որոնք վտանգի տակ յայտնուած են սարսափելի ողբերգութիւններէն բոլոր մակարդակներու վրայ, մասնաւորապէս այն վայրերուն մէջ, ուր ապրած է Յիսուս»:

Նայիլ դէպի նպատակ

Սակայն կայ յոյսի այլ մէկ ծաւալ, որ կը մղէ մեզ նայելու դէպի նպատակ, շարունակեց Լեւոն ԺԴ․՝ յիշեցնելով Պետրոսի եւ Յովհաննէսի դէպի Գերեզման վազքի դրուագը Զատկի առաւօտեան եւ այդ մէկը բնութագրելով որպէս ուխտագնացութեան ժեսթ, որպէս կեանքի վերջնական իմաստի որոնման խորհրդանիշ։ «Դուք նոյնպէս իրականացուցած էք այդ մէկը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Մի՛ շեղուիք ճանապարհէն

«Սիրելիներ, այսօր Եկեղեցին կրկին ձեզի կը վստահի Քրիստոսի Գերեզմանի պահապանները ըլլալու առաքելութիւնը։ Եղէ՛ք այդպիսին՝ սպասումի վստահութեամբ, գթասիրութեան եռանդով, յոյսի ուրախ սլացքով, «յառաջացէք, յառաջացէք բարութեամբ [...]։ Մի՛ շեղուիք ճանապարհէն, ետ մի՛ դառնաք, կանգ մի՛ առնէք», խրախուսեց Քահանայապետը՝ մէջբերելով Սուրբ Օգստինոսի՝ իր ժամանակի քրիստոնեաներուն ուղղած խօսքերը (Քարոզ 256,3) եւ պատգամը աւարտեց օրհնելով ներկաները եւ աղօթք ապահովեցնելով անոնց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2025, 10:55