Գաղթականներն ու փախստականները՝ յոյսի առանձնաշնորհեալ վկաներ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 2 Հոկտեմբերին Առաքելական Պալատէն ներս իր պատգամը յղեց Հռոմի Քահանայապետական Ակոսթինիանում համալսարանին մէջ Հոկտեմբեր 1էն 3ը ընթացող միջազգային գագաթնաժողովի մասնակիցներուն։
Անդրադառնալով համաժողովի նիւթին, որ է՝ «Փախստականները եւ գաղթականները մեր ընդհանուր տան մէջ», Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն նախաձեռնութեան համար, որուն նպատակն է, արձագանքելով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին (հմմտ. Պատգամ 29 Սեպտեմբեր 2022թ), մշակել եռամեայ «գործողութիւններու ծրագիր» չորս հիմնական ուղղութիւններով՝ դասաւանդում, հետազօտութիւն, ծառայութիւն եւ պաշտպանութիւն։
Այս չորս սիւները, ըսաւ Ան, մասն են միեւնոյն առաքելութեան՝ նպատակ ունենալով միաւորել տարբեր ոլորտներու հեղինակաւոր ձայները՝ արձագանքելու գաղթականութենէ եւ տեղահանութենէ աւելի քան 100 միլիոն տուժածներու կողմէ ներկայիս դիմագրաւած հրատապ մարտահրաւէրներուն։
Յորդորելով ապա իւրաքանչիւր լուծումի առանցքին զետեղել ամէն մէկ անհատի արժանապատւութիւնը, Լեւոն ԺԴ․ խնդրեց ժողովականներէն երկու նիւթ ներառել այդ գործողութիւններու ծրագրի մէջ՝ հաշտեցում եւ յոյս։
Սրբազան Հայրը կոչ ըրաւ, յաղթահարելու «անտարբերութեան ընդհանրացումը» եւ «անզօրութեան ընդհանրացումը» հանդիպման եւ հաշտեցման մշակոյթի միջոցաւ՝ լսելու, ուրիշներու ցաւը կիսելու եւ ընդհանուր նպատակներու գիտակցման միջոցով։
Հետեւեցաւ Անոր քաջալերանքը խթանելու, առարկայական առաջարկներով, հաշտեցման ժեսթերն ու քաղաքականութիւնը, յատկապէս խոր հակամարտութիւններով բնութագրուող շրջագիծերէն ներս։
«Գաղթականներն ու փախստականները կարող են ըլլալ յոյսի առանձնաշնորհեալ վկաներ՝ շնորհիւ իրենց դիմադրողականութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան», յարեց այնուհետեւ Պապը, որ, ապա, ասկէ մեկնելով խրախուսեց, Յոյսի Յոբելենական Տարուայ ընթացքին ոգեշնչուիլ անոնց փորձէն։
Ի վերջոյ, Լեւոն ԺԴ․ արդիւնաւէտ համաժողով մաղթեց Գագաթնաժողովի մասնակիցներուն եւ յորդորեց Սուրբ Հոգիով լուսաւորուած, աշխատիլ որոնելու համապարփակ լուծումներ յօգուտ բոլորին՝ խթանելու համար հանդիպման, հաշտեցման եւ եղբայրութեան մշակոյթը, եւ աւարտեց պատգամը իր օրհնութիւնը տարածելով բոլոր մասնակիցներու վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
