Իմաստասիրութիւնը շատ բան ունի առաջարկելու՝ հաւատքի ու բանականութեան, Եկեղեցւոյ ու աշխարհի միջեւ երկխօսութեան ծիրէն ներս ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 10 Հոկտեմբերին, պատգամ յղեց «Ներդրումներ մշակոյթներու մէջ. իմաստասիրութիւն, քրիստոնէութիւն եւ Լատին Ամերիկա» խորագիրով Իմաստասէրներու Միջազգային Վեհաժողովի առթիւ, որ տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբեր 8էն 10ը «Իմաստասիրութեան Շաբթուայ» հանդիպումներու ծիրէն ներս Փարակուէյի «Nuestra Señora de la Asunción» կաթողիկէ համալսարանի մէջ։
Վեհաժողովին նպատակն է վերլուծել քրիստոնէական իմաստասիրական մտքի դերն ու նշանակութիւնը ցամաքամասի մշակութային կերպաւորութիւններու մէջ՝ լոյս սփռելու ժամանակակից մարտահրաւէրներու վրայ՝ հաւատքէն սկսեալ։
Հանդիպում, ախտաճանաչում, երկխօսութիւն եւ սփռում․ ասոնք են չորս բանալի բառերը, որոնց վրայ Համագումարը սեւեռած է ուշադրութիւնը եւ որոնց շուրջ Լեւոն ԺԴ․ Պապը կառուցեց ժողովականներուն ուղղած իր խորհրդածութիւնները։
Իմաստասիրական գաղափարները սպառնալիք չեն հաւատքի համար
Նորին Սրբութիւնը հանդիպում փնտռելը գովելի բնութագրեց՝ դիտել տալով, որ հաւատացեալը պէտք չէ զգուշանայ տարբեր իմաստասիրական դպրոցներու առաջարկած գաղափարներէն, այլ՝ երկխօսութեան մէջ մտնէ անոնց հետ՝ Սուրբ Գիրերէն սկսեալ։
«Առանց վերածելու փիլիսոփայութիւնը պարզապէս ջատագովական գործիքի, հսկայական է այն բարիքը, որ հաւատացեալ իմաստասէրը կարող է իրականացնել իր կեանքի վկայութեան միջոցաւ», յարեց, հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը։
Իմաստասիրութիւնը պտղաբեր է, երբ աւելիով կը բացայայտէ մարդու արժանապատւութիւնը
Երկրորդ նպատակին՝ ախտաճանաչումին անդրադառնալով, Լեւոն ԺԴ․ ընդգծեց, որ այդ մէկը «թոյլ կու տայ դիմակազերծել այն պնդումը, որ վերանցական գիտելիքը միայն բանական վերլուծութեան միջոցաւ ձեռք կը բերուի»։ «Բանական»ի կամ «իմաստասիրական»ի ներքին արժէքը, «անոր պտղաբերութիւնը», ըստ Քահանայապետի, «կը չափուի գոյութեան ճշմարտութեանը համապատասխանութեամբ»:
Պատրանք է մտածել, որ «միայն բանականութիւնն ու կամքը բաւարար են ճշմարտութեան հասնելու համար»։ Հետեւաբար, պէտք ենք մեր ներդրումն ունենալ, ըսաւ Պապը, որպէսզի «իմաստասիրելը միշտ աւելիով բացայայտէ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդու արժանապատւութիւնը, բարիի եւ չարի յստակ տարբերութիւնը եւ իրականութեան հիասքանչ կառուցուածքը, որ կ’ուղղորդէ դէպի Արարիչը ու Փրկիչը»:
Հաւատքն ու բանականութիւնը չեն հակադրուիր, այլ՝ կը լրացնեն մէկը միւսը
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ․ նշեց յաջորդ քայլը՝ երկխօսութիւնը, որ հիմնարար է, ըսաւ Ան եւ, յղում կատարելով պատմութեան մէջ ամենայայտնի իմաստասէրներէն մի քանիին, ինչպէս Սուրբ Պոնավենթուրան կամ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին, աւելցուց, որ հաւատքն ու բանականութիւնը ոչ միայն չեն հակադրուիր, այլեւ հիացմունքով կ’աջակցին եւ կ’ամբողջացնեն մէկը միւսը։
«Ժամանակներու մէջ, երբ նոյնիսկ մարդիկ կը դիտուին որպէս միանգամեայ օգտագործման առարկայ, երբ արհեստագիտական առաջընթացը կը ստուերէ ամենաբարձր խնդիրները, իմաստասիրութիւնը շատ բան ունի հարցականի տակ դնելու եւ շատ բան առաջարկելու՝ հաւատքի եւ բանականութեան, Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի միջեւ երկխօսութեան մէջ», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․։
Հաւատքի եւ իմաստասիրութեան հանդիպումը աւելի հասկնալի կը դարձնէ փրկութեան պատգամը
Պապը անդրադարձաւ, ի վերջոյ, սփռումին։ Իմաստասիրութիւնը թոյլ կու տայ մեզ վերլուծելու իւրաքանչիւր ժողովրդի մէջ առկայ հիմնական արժէքներն ու թերութիւնները, սակայն, պէտք է նպատակ դարձնել ոչ թէ մշակոյթը այլ՝ ճշմարտութիւնը, յորդորեց Ան եւ ի վերջոյ, ընդգծելով անգամ մը եւս հաւատքի եւ իմաստասիրութեան միջեւ կապը, նշեց, որ իմաստասէրներու ներդրումը կարող է «հիասքանչ ըլլալ», «եթէ եպիսկոպոսները, քահանաները եւ միսիոնարները, որոնք կոչուած են բարի լուրը տարածելու, ուսուցանուին այս գիտելիքով», այդ կերպ «փրկարար պատգամը պիտի փոխանցուի աւելի հասկնալի եւ բոլորին պատշաճ լեզուով»։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը տարածելով բոլոր մասնակիցներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
