Որոնել

Քահանայապետը Իրաքի մէջ նոր Պապական Նուիրակին. «Պաշտպանէ յոյսի և խաղաղութեան սերմերը»

Լեւոն ԺԴ. ձեռնադրեց Իրաքի մօտ նորանշանակ Նուիրակ` Գերապ. Վաքովսքին։ Այս եղաւ Քահանայապետի առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ քաջալերեց նորօծ եպիսկոպոսը «կառուցողական» համագործակցութիւն ունենալու միւս կրօններուն հետ, հողատարածքի մը` մէջ որ «յատկանշուած է ցաւով ու վերածնունդի իղձով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 26 Հոկտեմբեր 2025-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Միրոզլավ Ստանիզլավ  արքեպիսկոպոս  Վախովսքիի  եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ձեռնադրութիւնը, որ վերջերս դարձաւ  Վիլլամանիա տի Փրոքոնսոլարէի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս և Իրաքի մէջ առաքելական նուիրակ: Արարողութիւնը նախագահեց  Լևոն ԺԴ. Պապը, որ այս առիթով արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց նոր առաջնորդի ընտրած կարգախօսը՝ «Gloria Deo Pax Hominibus»-ը՝ որպէս եպիսկոպոսական առաքելութեան սիրտ՝ փառք տալ Աստուծոյ՝ մարդոց միջև խաղաղութիւն կառուցելով:

Խոնարհութիւնը Եպիսկոպոսի առաքինութիւն

Մեկնաբանելով  փարիսեցիի եւ մաքսաւորի առակը պատմող օրուան աւետարանը Սրբազան Պապը հաստատեց, որ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնը հեզութիւնն է, «ոչ թէ խօսքերու հեզութիւնը այլ սրտին որ գիտէ ըլլալ ծառայ, ոչ թէ տէր» ըսաւ Ան։ 

Եպիսկոպոսը նման է հողագործի որ կը սպասէ յոյսով

Մաքսաւորի նման եպիսկոպոսը պէտք է ամբողջութեամբ վստահի Աստուծոյ ողորմութեան, նշեց հուսկ ի միջի այլոց Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց նորօծ Արքեպիսկոպոսին  յիշելով անոր լեհական ծագումը, «լիճերու և անտառներու երկիր», ուր Ան սորվեցաւ «սթափութիւն, հաւատարմութիւնն ու խոկումը»։ Այս արմատներէն,  նոր արքեպիսկոպոսը պէտք է ստանայ իր ծառայութեան համար անհրաժեշտ համբերութիւնն ու նուիրումը. «Եպիսկոպոսը նման է հողագործի, որ կը ցանէ վստահութեամբ, կը խնամէ յարգանքով և կը  սպասէ յոյսով»։

Դիւանագիտական առաքելութիւնը 

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Գերապ. Վախովսքիի վատիկանեան դիւանագիտութեան ներքոյ առաքելական տարբեր ծառայութիւններուն, որոնցմէ վերջինը եղաւ Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարութիւնը։ 

«Դուն դիւանագիտութիւնը ապրեցար որպէս Աւետարանի ճշմարտութեան հնազանդութիւն» ըսաւ Քահանայապետը, հրաւիրելով զայն այս իր փորձառութիւնը վերափոխելու հովուական հայրութեան։

Կամուրջ կառուցող Նուիրակ 

Յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ-ի ուսուցումը՝ Լևոն ԺԴ-ը յիշեցուց, որ պապական ​​ներկայացուցիչը «նշան է  բոլոր եկեղեցիներու նկատմամբ Քահանայապետի հոգատարութեան» և «չի պաշտպաներ կուսակցական շահերը, այլ կը ծառայէ հաղորդութեան»։ 

Իրաքեան ոլորտէն ներս այս դերը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն. «Այնտեղ, ուր քրիստոնէական հաւատքը տակաւին արձագանք կը  գտնէ Յիսուսի լեզուով, Նուիրակը կոչուած է պահպանելու ծէսերու և մշակոյթներու խճանկարը և պահպանելու ցաւով յատկանշուած ժողովրդին յոյսը» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Շարունակել Ֆրանչիսկոս Պապի բացած ուղին 

Ան յիշեց նաեւ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին 2021 թուականին Իրաք կատարած պատմական այցը՝ զայն անուանելով «եղբայրութեան ուխտագնացութիւն» և  նոր Նուիրակը հրաւիրեց շարունակելու այդ ուղին եւ ժառանգութիւնը. «Պաշտպանէ յոյսի սերմերը և ցոյց տուր, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը կը ծնի Աւետարանէն եւ կը սնուի աղօթքով» ըսաւ Քահանայապետը։

Թող Մարիամ ՝ Խաղաղութեան Թագուհին, ուղեկցի առաքելութեանդ

Քարոզի աւարտին Լեւոն ԺԴ. նորօծ եպիսկոպոս Վախովսքին վստահեցաւ Խաղաղութեան Թագուհի Մարիամի և Միջագետքի առաքեալներ Սուրբ Թովմասի, Ատտայի և Մարիի պաշտպանութեան։ «Եղիր հաղորդութեան և լռութեան, ունկնդրութեան և երկխօսութեան մարդ... Իրաքի մէջ ժողովուրդը քեզ պիտի ճանչնայ ոչ թէ անորմով  թէ ինչ պիտի ըսես, այլ  անով, թէ ինչպէս պիտի սիրես» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը  մաղթելով` որ Աստուծոյ փառքը լուսաւորէ նոր Նուիրակին ուղեւորութիւնը եւ Քրիստոսին խաղաղութիւնը բնակի այնտեղ ուր ան ոտք պիտի դնէ. «Փառք Աստուծոյ, խաղաղութիւն մարդոց» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 08:00