2025.10.09 Delegazione dell'Union Leaders from Chicagoland

Հասարակութիւնը պէտք է պաշտպանէ ամենէ խոցելիներու մարդկային արժանապատուութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Չիքակոյի Արքեպիսկոպոսը եւ «Union Leaders from Chicagoland» պատուիրակութիւնը։ Կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ իր հայրենի քաղաք Չիքակոյի հազարաւոր աշխատաւորները։ Լեւոն ԺԴ․ երախտագիտութիւն յայտնեց փոքրամասնութիւնները ներառնելու գործին մէջ գրանցուած առաջընթացին համար և յորդորեց շարունակել ընդունիլ գաղթականները եւ փախստականները։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 9 Հոկտեմբեր 2025-ին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Չիքակոյի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պլէզ Ժոզեֆ Քուփիքը եւ «Union Leaders from Chicagoland» աշխատաւորներու արհեստակցական միութեան պատուիրակութեան առաջնորդները, որոնք վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին Հռոմ կը գտնուին Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս ուխտագնացութեան եւ հոգեւոր կրթութեան նպատակով, որոնք, ինչպէս նշեց Պապը անոնց ուղղած պատգամին մէջ, նաեւ «ժամանակ յատկացուցին «ուսումնասիրելու աշխատաւորներու իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն վերաբերող կարեւոր հարցեր»։

Պապի պատգամին շեշտադրումները եղան, ուստի, երախտագիտութիւնը եւ քաջալերանքը անոնց, «որոնք կը նպաստեն համընդհանուր բարիքին եւ այնպիսի հասարակութեան ստեղծման, որտեղ բոլորը կարող են ծաղկիլ»:

Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւն եւ փոքրամասնութիւններուն ներգրաւում

Լեւոն ԺԴ․ երախտագիտութիւն յայտնեց «հազարաւոր աշխատաւորներու ներկայացուցիչներուն»՝ Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան համար՝ ընդգծելով անոնց՝ նորընծաներուն աջակցութիւնը, եւ, քաղաքացիական եւ գործարար առաջնորդներու հետ միասին, ամէնամեայ «Premio Rerum Novarum» մրցանակաբաշխութեան հիւրընկալութիւնը։

Երախտագիտութիւն՝ նաեւ նպաստելու աշխատաւորներու արհմիութենական շարժումի մէջ փոքրամասնութիւններու ներգրաւման համար, աշակերտութեան եւ կազմաւորման միջոցաւ:

Փախստականներու հիւրընկալութիւն եւ համայնքներու անվտանգութիւն

Երախտագիտութիւն՝ գաղթականները եւ փախստականները ընդունելու եւ սնունդով ու ապաստանով աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ համայնքներու անվտանգութիւնը պահպանելու համար համապատասխան քաղաքականութիւն իրականացնելու համար։

«Հաշուի առնելով մեր հասարակաց տան հոգ տանելու անհրաժեշտութեան հրատապութիւնը», շարունակեց Լեւոն ԺԴ․, «ոչ միայն գովելի, այլեւ՝ ժամանակին է ձեր նուիրուածութիւնը շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան»։

Այս ամբողջի ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ խրախուսեց շարունակել աշխատիլ, որպէսզի հասարակութեան կողմէ պաշտպանուին ամենէ խոցելիներու մարդկային արժանապատուութիւնը։

«Այդպիսով դուք կեանքի կը կոչէք իմ սիրելի նախորդի՝ Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորը, որ կոչ կ’ընէր ամէն օր վերածնիլ ծայրամասերու մէջ (հմմտ. Աշխատաւորներուն արհմիութիւններու իտալական համադաշնութեան ուղղուած պատգամ, 28 Յունիս 2017), նշեց ի վերջոյ Սրբազան Հայրը եւ կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 12:00