Դուք կարող էք միասնութեան պատգամ ըլլալ ողջ Հռոմէական Քուրիայի համար․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Իմ Քահանայապետութեան առաջին քայլերէն սկսեալ, ես ապաւինած եմ ձեր հաւատարիմ ծառայութեան, որ կ’իրականացնէք մեծ անձնուրացութեամբ եւ եռանդով»: Այս խօսքերով Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Զուիցերական Պահակագունդին անդամները, զոր ընդունեց Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա Դահլիճէն ներս ուրբաթ` 6 Հոկտեմբերին, նոր անդամներու երդմնակալութեան առթիւ։
Ձեւաւորել բարեկամութեան ամուր կապեր առաջընթացի համար
Պատգամին մէջ Ան ընդգծեց, որ ժամանելով Զուիցերիոյ տարբեր շրջաններէն անոնք կոչուած են «ձեւաւորելու միասնական մարմին, ստեղծելու բարեկամութեան ամուր եւ առողջ կապեր», քանզի «մենք մէկը միսին կարիքը ունինք՝ սորվելու, առաջընթացի, ծառայելու համար աշխարհի մը մէջ, որ աւելիով գայթակղած է բաժանումներով եւ մեկուսացմամբ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ շարունակեց․
«Բարեսիրութիւնը, ազնւութիւնը, զօրակցութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը այն հիմնասիւներն են, որոնց վրայ կարելի է կառուցել ներդաշնակ կեանք։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է միւսի համար օրինակ ըլլալ իր խօսքերով ու վարքով, իր գթասիրութեամբ ու հաւատքով։ Եւ դուք կարող էք միասնութեան պատգամ ըլլալ ողջ Հռոմէական Քուրիայի համար»։
Խոնարհ եւ հնազանդ Քրիստոսի դպրոցի ներքոյ
Հռոմը, քաղաք, որ, ըստ Քահանայապետի, իր գանձերով ու հարստութիւններով, կ’առաջարկէ «անմոռանալի ճամբորդութիւն» «արուեստի եւ, ամէնէ առաջ, քրիստոնէական հաւատքի պատմութեան ընդմէջէն», կարող է «զարգացնել ներքին կեանքը եւ խորացնել յարաբերութիւնները Տիրոջ հետ, քանզի «ճշմարտութիւնը կը բնակի ներքին մարդու մէջ» ինչպէս խորհուրդ տուած էր Սուրբ Օգոստինոսը՝ (De vera religione, 39), նշեց այնուհետեւ Սրբազան Պապը։
Սուրբ Աթոռին բարի եւ հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցելէն եւ հայրենիք վերադառնալէն ետք, Հռոմէական Քուրիայի մէջ ձեռք բերած փորձը կ’օգնէ կատարելիք նոր եւ ամենատարբեր ընտրութիւններու մէջ՝ «դիմակայելով փոփոխութիւնները վստահութեամբ եւ քրիստոնեայի տիեզերական հայեացքով», եղաւ ուստի Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետին յաջորդ շեշտադրումը որմէ մեկնելով Ան խրախուսեց Պահակախումբի նոր անդամները կեանքի այդ նոր փուլը ապրիլ համոզմունքով՝ «իրենց զիրենք խոնարհ եւ հնազանդ դնելով Քրիստոսի դպրոցի ներքոյ»։
Քաջութիւնը ունենալ միասին նպաստելու սիրոյ քաղաքակրթութեան
Հռոմի մէջ բնակիլը, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, «կարող է օգնել զարգացնելու ձեր հասունութիւնը նաեւ ընկերային կեանքէն ներս այսօր այնպիսի մի իրականութեան մէջ, երբ բազմաթիւ են երիտասարդ սերունդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ բարդ իրողութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ «շրջակայ միջավայրի հետ կապուած խնդիրները, տնտեսական փոփոխութիւնները, ընկերային լարուածութիւնը, թուային յեղափոխութիւնը, արհեստական բանականութիւնը»։
Յորդորելով, ուստի, հաւատարիմ մնալ Աւետարանին եւ քրիստոնէական հաւատքի հիմնարար արժէքներուն, Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ «յոյսի բոցը լուսաւորէ» անոնց կեանքը եւ «քաջութիւնը ունենան միասին նպաստելու սիրոյ քաղաքակրթութեան»։
«Այս Սուրբ Տարուայ մէջ ձեր պարզ վկայութեամբ, եղէք յոյսի միսիոնարներ այն մարդկանց համար, որոնց կը հանդիպիք», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ․՝ ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ մայրական խնամքին եւ Զուիցերական Պահակագունդի Սուրբ Պաշտպաններ Սուրբեր Մարթինի եւ Սեպասթիանի պաշտպանութեան եւ իր առաքելական օրհնութիւնը տարածեց բոլորի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
