Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը սինոդական խումբերուն յոբելեանի մասնակիցներուն հետ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած սինոդական խումբերուն եւ մասնակցային մարմիններուն՝ ինչպէս հովուական ծառայութեան եւ ֆինանսական խորհուրդներու աւելի քան երկու հազար անդամներուն հետ, որոնք Հռոմ Ժամանած էին իրենց յոբելինական ուխտագնացութեան համար, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 24էն 26։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24ին, Պօղոս Զ դահլիճին մէջ կայացած հանդիպումը կարեւոր քայլ եղաւ Եպիսկոպոսներուն սինոդի ԺԴ սովորական ընդհանուր ժողովին եզրափակիչ փաստաթուղթէն բխող առաջարկութիւններուն իրականացման գործին մէջ։ Նպատակն է սինոդալ կողմնորոշումները վերածել հովուական եւ կառուցուածքային որոշումներուն։՝
Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ նախապէս եղած է Չիքակոյի եպիոսկոսպոս եւ եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ, ուշադրութեամբ ունկնդրեց մայրցամաքի տարբեր եկեղեցական իրականութիւններուն մէջ սինոդալ գործընթացին վերաբերեալ ներկայացումները։
Ափրիկէ։ Քահանայապետը շեշտեց սինոդական եկեղեցւոյ առաքելական էական բնոյթը՝ գովաբանելով մայրցամաքի կենսունակութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ ընտանիքի զգացումը ու կոչ ըրաւ ողջագուրելու բազմազանութիւնը եւ յարգելու տեղական իրականութիւնները առանց որեւէ օրինակ պարտադրելու։
Ովկիանիա։ Քահանայապետը յոյս յայտնեց, որ եկեղեցին կը զարգանայ հաղորդութեան մէջ եւ վերահաստատեց Կլիմայի փոփոխութեան, աղքատութեան եւ անարդարութեան դէմ շօշափելի գործողութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudato Si'»-ն։
Ամերիկաները։ Ճանչնալով ընկերային եւ ազգային բաժանումները՝ Քահանայապետը շեշտեց սինոդականութեան, լսելու եւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հոգեւորականներուն եւ աշխարականներուն շարունակական կազմաւորման կարեւորութիւնը։
Մերձաւոր Արեւելք։ Քահանայապետը ընդգծեց տարածաշրջանի մէջ յոյսի կարիքը՝ գովաբանելով քրիստոնեաներուն հաւատքը, քաջութիւնը, դիմացկունութիւնը՝ թէ հայրենիքի մէջ մնացածներուն, թէ սփիւռքի մէջ գտնուողներուն։
Ասիա։ Քահանայապետը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Ասիայի մէջ սինոդականութեան պահպանման գործին մէջ ցուցաբերած յարատեւութեան համար, չնայած լեզուական, մշակութային, եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ հաւատքի վկայութեան համար՝ հիմնական մէջ ոչ քրիստոնէական համայնքներուն շրջանակէն ներս։
Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակեց՝ յոյս յայտնելով, որ եկեղեցին կը շարունակէ աճիլ հաղորդութեան մէջ՝ սինոդականութեան ոգիով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
