Որոնել

2025.10.30 Studenti partecipanti al Giubileo del mondo educativo

Մեծ գիտելիքներ ունենալը բաւարար չէ, եթէ անտեսենք մեր սեփական սրտերը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Կրթական Աշխարհի Յոբելեանի ծիրէն ներս Հռոմ ժամանած շուրջ 6000 ուսանողներու հետ, որոնց ուղղած իր ոգեշնչող ճառը անդրադարձ եղաւ այնպիսի հիմնական նիւթերուն, որ են կրթութիւնը, հաւատքը, յոյսը, խաղաղութիւնը եւ երիտասարդներու դերը աշխարհի մէջ, որոնց յորդորեց հրաժարիլ պարզապէս «դիտորդներ» ըլլալէն, եւ ձգտիլ աւելիին, «ձգտիլ դէպի վեր»՝ համարձակութեամբ եւ յոյսով, նուիրուիլ աւելի լաւ հասարակութեան՝ վկայելով առ Յիսուս հաւատքի ուրախութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ի՜նչ ուրախութիւն ձեզի հանդիպիլ։ Մեծ յուզմունքով սպասած եմ այս պահուն. ձեր ընկերակցութիւնը ինծի կը յիշեցնէ այն տարիները, երբ թուաբանութիւն կը դասաւանդէի ձեզի պէս կենսուրախ երիտասարդներուն»։ Ասոնք են այն խօսքերը, զոր Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը յուզմունքով արտասանեց՝ ողջունելով Կրթական Աշխարհի Յոբելեանի շուրջ 6000 ուսանող մասնակիցները, որոնց ունկնդրութիւն շնորհեց այսօր՝ 30 Հոկտեմբերին՝ Պօղոս Զ․ դահլիճէն ներս։ Հետարքրական է նշել նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը դահլիճ չմտած եւս սրտաբուխ խօսք ուղղեց դուրսը գտնուող երիտասարդներուն՝ հետեւեալ բառերով «Աւետարանի մէջ կ'ըսուի թէ վերջինները առաջին կ'ըլլան, եւ այսօր այդպէս եղաւ»։ 

 Ձգտիլ դէպի վեր՝ համարձակութեամբ եւ յոյսով

Պապը բոլոր երիտասարդներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը յիշեց այս տարի սրբադասուած երիտասարդ իտալացի սուրբ  Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին, եւ անոր՝ «միշտ դէպի վեր» խօսքերով, ու անոր օրինակով խրախուսեց հրաժարիլ պարզապէս «դիտորդներ» ըլլալէն, եւ ձգտիլ աւելիին, «ձգտիլ դէպի վեր»՝ համարձակութեամբ եւ յոյսով, նուիրուիլ աւելի լաւ հասարակութեան՝ վկայելով առ Յիսուս հաւատքի ուրախութեան մասին։

«Համաշխարհային կրթական դաշինքը»՝ համամիութենական եղբայրութեան հրաւէր

Կրթութիւնը նկատելով որպէս աշխարհը փոխելու հիմնարար գործիք, Լեւոն ԺԴ․ յիշեցուց 5 տարիներ առաջ  Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ խթանուած  «Համաշխարհային կրթական դաշինքը», որ ըսաւ Ան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու մէջ աշխատողներու միջեւ դաշինք մըն է՝  «ներգրաւելու երիտասարդ սերունդները համամիութենական եղբայրութեան մէջ»։

Նոր կրթական դարաշրջան, ուր բոլորը ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան կրողներ են

Ասկէ մեկնելով, Նորին Սրբութեան կոչը եղաւ բանալ նոր կրթական դարաշրջան, ուր բոլորը՝ ըլլայ երիտասարդները, ըլլայ մեծահասակները, կոչուած են դառնալու  «ճշմարտութեան եւ «խաղաղութեան հաւատալի վկաներ»՝ իրենց ամէնօրեայ խօսքերով եւ գործողութիւններով ներգրաւելով ուրիշները։

Ձեւաւորել ապագայի ուղին կողմնորոշող կրթական համաստեղութիւններ

«Սուրբ Ֆրասսաթիի օրինակին, կ’աւելցնեմ այնուհետեւ սուրբ Ճոն Հէնրի Նիումանի օրինակը, սուրբ գիտնական, որ շուտով Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ պիտի հռչակուի», շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը՝ մէջբերելով անոր խօսքերը առ այն, որ․ «գիտելիքը կը բազմապատկուի, երբ կը փոխանակուի», այնպէս ինչպէս իրական խաղաղութիւնը կը ծնի, երբ շատ կեանքեր, ինչպէս աստղերը, կը միաւորուին եւ կը կազմեն պատկեր մը», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․՝ աւելցնելով թէ՝ «միասին կարող ենք ձեւաւորել ապագայի ուղին կողմնորոշող կրթական համաստեղութիւններ»։

Կրթութիւնը հեռադիտակ՝ դէպի վեր նայելու համար

Ան, ապա, տիեզերքի մէջ բազմամիլիարդ աստղերուն անդրադառնալով, նկատել տուաւ, որ բազմաթիւ աստղեր ուղեցոյց դարձած են, ինչպէս օրինակ կը գտնենք բազմաթիւ ճանապարհորդներու եւ Մոգերու պատմութեան մէջ։ Երիտասարդներու համար այդ «ուղեցոյց աստղերը» առաջին հերթին ծնողներն են, ուսուցիչները, ընկերները եւ քահանաները: Եւ երբ այդ աստղերը կը միաւորուին կը կազմեն համաստեղութիւններ՝ դառնալով համայնքի եւ համագործակցութեան խորհրդանիշ։

Այս շրջագիծէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց նաեւ կրթութիւնը որպէս «հեռադիտակ» օգտագործել դէպի վեր նայելու եւ նոր աշխարհներ յայտնաբերելու համար եւ գերի չի դառնալ «սմարթֆոններու» մակերեսայնութեան։

Նոր մարտահրաւէրները։ Առաջինը՝ կրթել ներքին կեանքին

Պապը ապա անդրադարձաւ «Համաշխարհային կրթական դաշինքի» մէջ պարտաւորեցնող նոր մարտահրաւէրներուն։

Առաջինը. «ներքին կեանքի կրթութիւնն է», որ կը նշանակէ ունկնդիր ըլլալ մեր սրտերուն։ Մեծ գիտելիքներ ունենալը, աշխարհի մասին շատ բան իմանալը բաւարար չէ, եթէ անտեսենք մեր սեփական սրտերը։ «Առանց լռութեան, առանց լսելու, առանց աղօթքի, նոյնիսկ աստղերը կը մարին», ուստի ներքին կեանքի կրթութիւնը թոյլ կու տայ մեզի բացայայտելու կեանքի խոր իմաստը, ինչպէս այդ մէկը Սուրբ Օգոստինոս կատարեց՝ ամէն բանի մէջ Աստուած փնտռէլով։ Առանց այս հոգեւոր ծաւալի անհատները կարող են զգալ դատարկութիւն եւ դժգոհութիւն, մինչեւ իսկ իյնալ բացասական վարքագծի մէջ :

Արհեստական բանականութիւնը  եղբայրութեան, այլ ոչ թէ կախուածութեան գործիք

Երկրորդ նոր մարտահրաւէրը կը վերաբերէ թուային կրթութեան, շարունակեց Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետը եւ շեշտեց, որ երիտասարդները խորասուզուած են խելացի արհեստագիտութիւններու մէջ։ Սակայն վերիրական իրականութեան մէջ «խելացի» ըլլալը բաւարար չէ. պէտք է մարդ ըլլանք ուրիշներու հետ՝ զարգացնելով յուզական, հոգեւոր, ընկերային եւ բնապահպանական բանականութիւնը։

 «Համացանցային զբօսաշրջիկներ ըլլալու փոխարէն՝ եղէ՛ք մարգարէներ թուային աշխարհի մէջ, շեշտեց Պապը եւ այս անգամ օրինակ բերաւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսը, որ թուային արհեստագիտութիւնները կ’օգտագործէր իմաստուն կերպով եւ կրթական նպատակներով, բարութեան քարոզչութեան եւ տարածման համար։

Կրթել խաղաղութեան

Ի վերջոյ, երրորդ մեծ նոր մարտահրաւէրը, ըստ Սրբազան Հօր,  հիմքն է «Համաշխարհային կրթական դաշինքին», որ է՝ կրթել խաղաղութեան։

Պատերազմը եւ ատելութիւնը կը վտանգեն ապագան։ Սակայն շրջադարձ հնարաւոր է՝ կրթելով  զինաթափուած և զինաթափող խաղաղութեան, որ կը խթանէ հաւասարութիւնն ու յարգանքը:

 «Ձեր հայեացքը մի ուղղէք իյնող աստղերու վրայ, որոնց կը վստահուին փխրուն ցանկութիւնները, այլ աւելի բարձր նայէք ՝ դէպի Յիսուս Քրիստոս, դէպի «արդարութեան արեգակ» (հմմտ. Ղուկաս 1։78), որ միշտ կ’առաջնորդէ ձեզ կեանքի ուղիներով», յարեց Լեւոն ԺԴ․ եւ իր ճառը եզրափակեց՝ հրաւիրելով բոլոր ներկաները ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2025, 13:00