Ձեր ձայնը լրջօրէն կ՛ընդունուի: Ձեր ներդրումը թանկարժէք է․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 31 Հոկտեմբերին, Վատիկանի «Քահանայապետերու դահլիճ» անուան սրահէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան ներքոյ գործող «International Youth Advisory Body (IYAB) - Միջազգային երիտասարդական խորհրդատուական մարմնի» անդամներուն՝ Կրթական Աշխարհի Յոբելեանի ծիրէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը որոշեց անոնց ուղղել սրտաբուխ խօսք, ներկաներուն յանձնելով այս առիթով պատրաստուած գրաւոր ճառը։
Հարկ է նշել, որ IYAB-ը ծնունդ առած է 2018 թուականին՝ մղուած Երիտասարդներուն նուիրուած Սիւնհոդոսի Եզրափակիչ փաստաթուղթի մէջ արտացոլուած յատուկ պահանջէն, որու ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր շրջաններէն 20 երիտասարդներ սինոտալ ոճով իրենց նպաստը բերած են Հռոմէական Քուրիայի մէջ երիտասարդական ծառայութեան։ Իսկ, անցեալ Հոկտեմբերի 28էն 31ը «IYAB»ը ժողով գումարած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան մէջ՝ Սուրբ Աթոռին ներկայացնելու համար երիտասարդներու տեսակէտները Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը կազմող տարբեր արդիական հարցերու շուրջ։
Լեւոն ԺԴ․, անոնց ուղղած իր գրաւոր պատգամին սկիզբը ճիշտ այս մէկը ընդգծելով, շնորհակալութիւն կը յայտնէ կատարած աշխատանքի համար եւ իր խորհրդածութիւնները կը ներկայացնէ երեք նիւթերու շուրջ. մասնակցութիւն, սիւնհոդոսականութիւն եւ առաքելութիւն։
Ներգրաւուած զգալ Եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մէջ
Պապը նախ նկատել կու տայ, որ ամենէ կարեւոր առաջադրանքը Եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մասնակցութիւնն է, որ կը նշանակէ մօտ ըլլալ Քրիստոսի սրտին, ուստի Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը ունի հոգեւոր արմատ, ոչ թէ՝ գաղափարական կամ քաղաքական:
Անոնք, որ մօտ են Յիսուսին անտարբեր չէն ոչ մէկու տառապանքի ու կարիքներու հանդէպ, կը դպչին անոնց, կը մասնակցին եւ իրենք զիրենք կը զգան Եկեղեցւոյ տիեզերական առաքելութեան մաս մը, որ ուղղուած է բոլորին, կը նշէ Պապը։
Կիսել ուրիշներու խնդիրները եւ այդ խնդիրները սեփական դարձնել, կը նշանակէ Քրիստոսի մէջ «ընկղմուիլ», զգալ ու տեսնել ինչ որ Ան կը զգայ ու կը տեսնէ, Այսպիսի ներգրաւուածութիւնը, ըստ Քահանայապետի, «մարդկային եւ հոգեւոր հասունութեան նշան է»։
Ասկէ մեկնելով, Լեւոն ԺԴ․ խորհրդակցական մարմնի երիտասարդ անդամներուն կոչ կ’ընէ հետաքրքրուիլ «մեր ժամանակներու բոլոր երիտասարդներու սպասումներով եւ դժուարութիւններով, Քրիստոսի կարեկցանքով նայելով՝ փորձել պատկերացնել, թէ ինչպէս, մեր հաւատքէն սկսեալ, Եկեղեցին կարող է հասնիլ անոնց։
Սիւնհոդոսականութիւնը հաղորդութիւն է: Երիտասարդները կոչուած են ըլլալու իրենց հասակակիցներու խօսնակները
Եկեղեցւոյ բնոյթը մարմնաւորելու միջոցներէն մին է՝ Սիւնհոդոսականութիւնը, որ կը նշանակէ հաղորդութիւն, կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը գրաւոր ճառին մէջ՝ անդրադառնալով իր խորհրդածութեան երկրորդ բնոյթին։
Սիւնհոդոսական Եկեղեցիէն ներս երիտասարդները կոչուած են ըլլալու իրենց հասակակիցներու խօսնակները եւ հասնելու ամենաթոյլերու, ամենաաղքատներու, միայնակներու, փախստականներու, կրթական հնարաւորութիւններէն օգտուելու համար պայքարողներու ձայներուն։ Ձայներ, կը նշէ Պապը, որոնք չափազանց յաճախ կը խեղդուին հզօրներու աղմուկին մէջ։
Միւս կողմէ Նորին Սրբութիւնը ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ կանխելու հաւատքի առցանց փորձառութեան մեկուսացումը, որ համացանցի նետած մարտահրաւէրներէն է, եւ կը քաջալերէ երիտասարդները ապրելու իրենց հաւատքը իրական համայնքներէն ներս՝ միասին փոխանակուելով ջերմութեամբ ու մտահոգութիւններով։
Սիւնհոդոսականութիւնը, երբ իսկական է, կը հանգեցնէ առաքելութեան
Սիւնհոդոսականութիւնը, երբ իսկական է, կը հանգեցնէ առաքելութեան, կը շարունակէ, ապա Սրբազան Քահանայապետը՝ անդրադառնալով իր խորհրդածութեան երրորդ եւ վերջին բնոյթին։
Առաքելութիւնը պէտք է միշտ առաջնորդուի Սուրբ Հոգիով, քանզի «Սուրբ Հոգին միշտ կը ցանկանայ «առաջնորդել մեզի դէպի ամբողջ ճշմարտութիւնը» (հմմտ. Յովհաննէս 16։13), կը մղէ մեզի լսելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէս Աւետարանը բերել այսօրեայ աշխարհ: Առաքելութիւնը կը պահանջէ բաց սիրտ, ազատութիւն վախէն եւ ստեղծագործ մօտեցում, ոգեւորութեամբ եւ քաջութեամբ նպաստելու համար Եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան ու դառնալու Աւետարանի իսկական վկաներ:
«Վստահ եղէ՛ք, որ ձեր ձայնը կը լսուի եւ լրջօրէն կ՛ընդունուի: Ձեր ներդրումը, ձեր ներկայութիւնը թանկարժէք է», կը հաստատէ հուսկ Սրբազան Հայրը՝ իր գրաւոր պատգամի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
