2025.10.10 Delegazione della Fondazione Aiuto alla Chiesa che soffre

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը, ընտրութիւն չէ, այլ հիմնարար իրաւունք. Լեւոն ԺԴ.

Ընդունելով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի պատուիրակութիւնը Սրբազան Պապը նշեց թէ մինչ աշխարհը կը շարունակէ ականատես ըլլալ տարբեր համոզմունքներու տէր մարդոց ու բազմաթիւ քրիստոնեաներու նկատմամբ թշնամանքի և բռնութեան աճող դրսևորումներու, Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը իր առաքելութեամբ կը հռչակէ, թէ որպէս մէկ ընտանիք Քրիստոսի մէջ, մենք չենք լքեր մեր հալածուած եղբայրներն ու քոյրերը, այլ կանգնած ենք անոնց կողքին և կ՛ աշխատինք ապահովել անոնց Աստուծոյ կողմէ տրուած ազատութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յոյսին նուիրուած Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, Ուրբաթ` 10 հոկտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Քահանայապետական միջազգային հիմնարկի մէկ պատուիրակութիւնը եւ այս առիթով անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ընդգծեց կրօնի ազատութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնական իրաւունք, մարդկային արժանապատուութեան հիմք եւ արդար ու խաղաղ հասարակութեան հիմնասիւնը։

«Աշխարհը կը շարունակէ ականատես ըլլալ տարբեր համոզմունքներու տէր մարդոց, որոնց շարքին՝ բազմաթիւ քրիստոնեաներու նկատմամբ թշնամանքի և բռնութեան աճող դրսևորումներու: Մինչ ձեր առաքելութիւնը կը հռչակէ, որ որպէս մէկ ընտանիք Քրիստոսի մէջ, մենք չենք լքեր մեր հալածուած եղբայրներն ու քոյրերը, այլ կը յիշենք զանոնք, կանգնած ենք անոնց կողքին և կ՛ աշխատինք ապահովել անոնց Աստուծոյ կողմէ տրուած ազատութիւնները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. երախտագիտութեամբ դիմելով 1947 թուականին հիմնադրուած հիմնարկի անդամներուն, յղում կատարելով նաեւ Սուրբ Պօղոսի Խօսքերուն «եթէ մէկ անդամ կը տառապի, բոլորը կը տառապին միասին (Ա. Կորընթ. 12, 26)»։

«Իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին մէջ կը կրէ ճշմարտութեան, իմաստի և հաղորդակցութեան խոր ծարաւը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով,, որ «այս կարիքէն կը ծագի կրօնական ազատութեան իրաւունքը, որ ընտրութիւն չէ, այլ հիմնարար իրաւունք, հիմնուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդկային անհատի արժանապատուութիւն վրայ»։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը քաջալերեց հիմնարկը շարունակելու իր զօրակցութեան, հաւատքի պաշտպանելիութեան եւ խաղաղութեան խթանումին աշխատանքը, արժեւորելով Հիմնարկի «Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան մասին» Զեկոյցը` որպէս ձայն` անոնց, որոնք կարող չեն խօսիլ։

«Կրօնական ազատութիւնը պարզապէս օրինական իրաւունք չէ, այլ իսկական հաշտութեան անփոխարինելի պայման» հաստատեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով` որ «այնտեղ ուր ան ժխտուած է կը խաթարուի մարդու կարողութիւնը արձագանքելու ճշմարտութիւնը, և կը քայքայուին համայնքներու բարոյական և հոգևոր կապերը»։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հուսկ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան ի սպաս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը ապա գնահատեց Հիմնարկի գործունէութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ «օգնելով քրիստոնեաներուն դառնալու «խաղաղութեան գործիչներ» «ինչպէս կը պատահի Կենտրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան, Պուրքաինա Ֆազոյի եւ Մոզամպիքի մէջ» ըսաւ Ան ու ճառը աւարտեց խրախուսելով զանոնք «չի յոգնիլ բարին կատարելէ» ու բոլորին շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնները, անոնց, բոլոր տառապողներուն ու նուիրատուներուն վրայ հայցելով Յոյսին Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2025, 12:14