Լեւոն ԺԴ. Արհեստական բանականութիւնը չի կրնար փոխարինել բժիշկը, հիւանդին հետ կապը շատ կարեւոր է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներուն Բժշկական Դաշնութեան անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որակեալ առողջապահական ծառայութիւններ մատուցելու գործին մէջ անխոնջ աշխատանքին համար։
Սուրբ Պահապան հրեշտակներուն յիշատակի առթիւ, որ կը նշուի այսօրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց խորհրդածելու բժիշկ-հիւանդ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք դիտուած են որպէս խնամքի եւ պաշտպանութեան կապ, նման հրեշտակներու կապին։
Մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը«Քրիստոսը բժիշկ է եւ բժշկութիւն, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ խօսքը եւ մարմինը՝ երկխօսութիւնը, հաղորդակցութիւնը եւ ֆիզիքական շփումը, բուժիչ յարաբերութիւններուն հիմնարար եւ անփոխարինելի տարրեր են, որոնք կը գերազանցեն որեւէ բժշկական միջոց։
Յիշելով Ղուկաս Աւետարանին մէջ նշուած Բորոտի դրուագը,(Մարկ 1,40-42)որ Յիսուս ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր բուժեց, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ սա ժեսթ մըն է որ անձնական յարաբերութիւն կը ստեղծէ, ուր շփումն ու բարեգործութիւնը փրկութիւն եւ առողջապահութիւնը կը բերեն, ոչ թէ մեքինական գործողութիւն։
Որպէս բժշկական նուիրուածութեան օրինակ, Քահանայապետը յիշեց 20-րդ դարու սկիզբը Վենեզեցուելացի բժիշկ, երանելի Խօսէ Կրէկօրիօ Հերնանտեզ, որ յայտնի է որպէս «աղքատներուն բժիշկ»՝ բարձր մասնագիտական կարողութիւնները կարիքաւորներուն նուիրուածութեան հետ համատեղելու համար։
Քահանայապետը հրաւիրեց բժիշկները շարունակելու ուսումնասիրել մարդկանց ներքին էութեան եւ պատմութեան հետ կապուած յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը ընդգծելով որ այս համոզմունքը կ՝օգնէ ձեւակերպելու արհեստական բանականութեան ճիշդ դերը բժշկութեան մէջ։
Արհեստական բանականութիւնը կարող է եւ պէտք է օգնութիւն ցուցաբերէ բժշկական խնամքի բարելաւման գործին մէջ։ Բժիշկը պէտք չէ փոխարինուի արհեստական բանականութեամբ։
Մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ-ի արտայայտութիւնը. Բժիշկները սիրոյ պահուստներ են, որոնք կը բերեն հանգստութիւն եւ յոյսը։ Ալկորիթմը երբեք չի կրնար փոխարինել մօտիկութեան ժեսթը եւ մխիթարութեան խօսքը։
Ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամը աւարտեց քաջալերելով բժիշկները յոյսով դիմակայելու ապագայ մարտահրաւէրները, հայցելով Քրիստոսի մեր յոյսի եւ Տիրամօր հիւանդներուն առողջութեան օգնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
