Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ուսումնասիրութիւններուն կեդրոն Ֆիրէնցէի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ուսումնասիրութիւններուն կեդրոն Ֆիրէնցէի մէջ 

Ֆիրէնցէի մէջ՝ Լեւոն ԺԴ-ի անունով ուսումնասիրութիւններու կեդրոն

Իտալիոյ Ֆիրէնցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ուսումնասիրութիւններուն կեդրոնի շնորհանդէսը։ Մշակութային նախագիծ մը, ուղղուած եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան տարածման։ Կարդինալ Փարոլին կողմէ ստորագրուած հեռագիրին մէջ Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնեց սոյն նախագիծին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 14-ին, Ֆիրէնցէի «Փալացցօ Վեքքիօ» պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի շնորհանդէսը։ Նախաձեռնութիւնը՝ որ ծնած է «Սանթօ Սփիրիթօ Ակոսթինեան վանքի» եւ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան համագործակցութեամբ, ստացաւ Լեւոն ԺԴ Պապին գնահատանքը, Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած հեռագիրով։

Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Ժոզէֆ Ֆառէլի կողմէ կարդացուած հեռագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ իր խրախուսանքը յայտնեց այս մշակութային նախագիծին համար, որ ուղղուած է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան տարածման եւ ակադեմիական հաստատութիւններուն, տեղական եկեղեցիներուն եւ ընկերային իրականութիւններու հետ համագործակցութեան խթանման։

Շնորհանդէսին ներկայ էին Սանթօ Սփիրիթօ Ակոստթինեան համայնքի վանահայրը Հայր Ճուզէփփէ Փականօ, ֆիրէնցէի քաղաքապետ Սառա Ֆունարօ, Իտալիոյ տարածաշրջանի Ակոսթինեան միաբանութեան մեծաւոր, Հայր Կապրիէլ Փետիչինօ։ Ֆէրնէցէի համալսարանի դասատու Ֆրանչէսքօ Սալվեսթրինի ներկայացուց կեդրոնի նպատակներն ու ռազմավարութիւնը։

Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը համագործակցելով Կեդրոնական Իտալիոյ Աստուածաբանական մասնաճիւղի հետ, նպատակ ունի խթանել կրթութիւնը հասարակական եւ քաղաքական կեանքի մէջ՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակներով։ Անոր նպատակներէն մին է առօրեայ կեանքի մէջ առաջարկել քրիստոնէական տեսանկիւն՝ ընկերային կեանքի մէջ ծառայութեան նախապատրաստման համար։ Միջոցառումները որոնք կը ներառեն դասընթացքներ, եւ համաժողովներ, ուղղուած են քաղաքական կրթութիւն փնտռողներուն, իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհականներուն եւ կրօնական անձերուն, որոնք հետաքրքրուած են միջազգային յարաբերութիւնները քննադատական աչքերով ուսումնասիրելով։

Լեւոն ԺԴ. Պապը յոյս ունի, որ կեդրոնը կը ձեռնարկէ «համայնքի ծառայելու արդիւնաւէտ ճանապարհորդութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2025, 15:00