Լեւոն ԺԴ. յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ծիսական տօնը եւ անոր կոչը բացուելու Քրիստոսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսական տօնը։ Ճիշտ 47 տարիներ առաջ այս հրապարակին վրայ Ան կոչ ուղղեց աշխարհին բացուելու Քրիստոսին։ Այս կոչը կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ նաեւ այսօր եւ մենք բոլորս կոչուած ենք զայն դարձնելու մերը։ Ես կ՛ օրհնեմ ձեզ իմ սրտի խորքէն». Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերն են ասոնք. զոր Ան արտասանեց այսօր` 22 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին. երբ զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները եւ յատկապէս Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորները, յիշելով երջանկայիշատակ Քահանայապետ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին ծիսական տօնն ու անոր աշխարհին ուղղած կոչը լայն բանալու դռները Քրիստոսին առջեւ։
Շնորհակալութիւն Վատիկան Նիուզի նուիրատուներուն
Ողջունելով ապա անգլիախօս հաւատացեալները Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծ Բրիտանիայի «Սրբազան Հօր բարեկամներ» խումբին, որ Վատիկանի լրատուական ծառայութեան` Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկանի օգտագործման համար նուիրեց շարժական «սթուտիօ» մը որ այժմ կը գտնուի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։ Ան ապա յոյս յայտնեց, որ Յոբելեանը բոլորի համար շարունակէ ըլլալ «հոգևոր նորոգումի և աճի շրջան՝ Աւետարանի ուրախութեան մէջ»։
Սրբազան Պապը իր ողջոյնները ուղղեց նաեւ Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած իտալացի ուխտաւորներուն մաղթելով, որ անոնք աճին Քրիստոսի սիրոյն մէջ ու զայն վկայեն ընկերութեան բոլոր շրջականերէն ներս։
Աջակցիլ միսիոնարներուն
Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հիւանդները, նորապսակներն ու երիտասարդները, հրաւիրելով զանոնք Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին իրենց գործունեայ համագործակցութիւնը նորոգելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս։
«Աղօթքի ուժով, ամուսնական կեանքի ներուժով և երիտասարդութեան թարմ եռանդով գիտցէք ըլլալ Աւետարանի առաքեալներ՝ ձեր շօշափելի աջակցութիւնը ցուցաբերելով անոնց, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն ժողովուրդներու աւետարանութեան» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. նախ քան իր օրհնութիւնները շնորհելը բոլոր ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
