Լեւոն ԺԴ. Ողորմութիւն եւ ճշմարտութիւն. Սիրտի ուխտագնացութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Մեքսիքոյի դաշնութեան «Ակթոսթինեան Ռեքոլեթթէօ միաբանութեան մայրապետները, որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են նշելու համար Յոբելինական Սուրբ Տարի։
Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ իսկական ուրախութիւնը կը բխի Տիրոջ հետ հանդիպումէն, ով ոչ միայն պարգեւատրողն է, այլ պարգեւը՝ մէջբերելով՝ Վիլլանովայի Սուրբ Թոմասին խօսքը։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը հոգեւոր ուղեւորութիւնը նկարագրեց, որպէս ուխտագնացութիւն, որ կը ծաւալի երկու հիմնական ճանապարհներով՝ ողորմութիւնը եւ ճշմարտութիւն։ Այս ճանապարհները կը համապատասխանեն Մարթային նման գործօն կերպով ծառայելու եւ Յիսուսի ոտքերու մօտ ճշմարտութիւնը խորհրդածելու՝ Մարիամի նման։ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց որ երկու ճանապարհները կը համընկնին սիրոյ ճանապարհին, որ սուրբ Թովմաս Վիլլանովա սահմանեց, որպէս Աստուծոյ եւ մերձաւորին հասնելու ամենադիւրին եւ ամենացանկալի ճանապարհը։
Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց որ սէրը մարդկային նուաճում չէ, այլ աստուածային պարգեւ ու կրկնեց՝ Վալենսիայի Սուրբ Եպիսկոպոսի խօսքերով, որ գործելու արժէքը կը կայանայ սիրտի բարեգործութեան մէջ եւ որ առանց սիրոյ կրակի հոգեւոր աշխատանքները կը կորսնցնեն իրենց իմաստը։
Վերջապէս, Քահանայապետը իր պատգամը աւարտեց հայցելով Բարի Խորհուրդի Մօր պաշտպանութիւնը եւ Վիլաննովիայ Սուրբ Թոմասին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մայրապետները համբերատարութեամբ եւ քաջութեամբ քալեն իրենց կատարելութեան ուղիով՝ Հասնելու իրենց վերջնական նպատակին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
