Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Եղէ՛ք եղբայրութեան եւ համերաշխութեան օրինակ ուրիշներուն համար

«Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Յոբելինական սուրբ տարուան առիթով Ռուսաստանէն Հռոմ ժամանած խումբ մը կաթողիկէ հաւատացեալները»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 17, հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Յոբելինական սուրբ տարուան առիթով Ռուսաստանէն Հռոմ ժամանած խումբ մը կաթողիկէ հաւատացեալները։ Ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ուխտագնացութեան նշանակութիւնը, որպէս կեանքի իմաստին որոնում, ինչպէս նշուած է «Spes non confundit» Պապական կոնդակին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ինչպէս հազարաւոր մարդիկ կը հաւաքուին Հռոմի մէջ՝ անցնելու համար Սուրբ Դուռէն եւ այցելելու առաքեալներուն եւ նահատակներու գերեզմանները՝ լեցնելով իր սիրտերը յոյսով։

Սրբազան Հայրը ապա Հռոմը նկարագրեց, որպէս մարդկային գոյութեան խորհրդանիշ, ուր անցեալի աւերակները եւ ներկայի դժուարութիւնները միաձուլուած են կենդանի հաւատքի եւ յոյսի հետ, որ չի հիասթափեցներ, որ կարող է նոր աշխարհ կառուցել նոյնիսկ մեղքի աւերակներուն վրայ։

Յիշելով Սուրբ Պետրոս առաքեալի առաջին նամակը՝ հաստատեց որ հաւատացեալները մկրտութեան միջոցաւ կը դառնան կենդանի քարեր, հոգեւոր շինութեան կառուցման համար ու վստահեցուց, որ իւրաքանչիւր մարդ, նոյնիսկ ամենափոքր, հիմնարար դեր կը խաղայ եկեղեցւոյ կայունութեան մէջ՝ մէջբերելով Յիսուսի յորդորը՝ չվախնալու։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները, որ իրենց տուները վերադարձին շարունակեն Քրիստոնէական ճանապարհ՝ միասին հովիւներ եւ հաւատացեալներ ըլլալով, կրելով մէկը միւսին բեռը եւ դառնալով սիրոյ, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան օրինակ իրենց համայնքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ հաւատացեալներու օրինակը կարենան բոցավառել քրիստոնէական սիրոյ կրակը եւ ջերմ սիրտեր։

Քահանայապետը վերջապէս յիշեց մէկ տարի առաջ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանօ» սրբապատկերի օրհնութիւնը ձեռամբ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Սիրելիներ, գրեթէ մէկ տարի անցաւ այն ժամանակէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց «Սալուս Փոփուլի Ռոմանօ» Տիրամօր սրբապատկերը եւ նուիրաբերեց ձեր տեղական եկեղեցւոյ, որպէսզի ան դառնայ Սուրբ Տարուայ խորհրդանիշ։ Թող այս պատկերի ուխտագնացութիւնը, Ռուսիոյ կաթողիկէ թեմերուն մէջ, մխիթարութեան աղբիւր ըլլայ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար, յատկապէս հիւանդներուն եւ տառապողներուն համար։ Թող ան նաեւ հրաւէր ըլլայ յոյս քաղելու Աստուծոյ հետ հանդիպումէն՝ աղօթքի, Սուրբ գիրքին ընթերցանութեան եւ կարիքաւորներուն օգնելու եւ մխիթարութեան խօսքերուն միջոցաւ։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Աստուծոյ մայրը եւ խաղաղութեան թագուհի, որ միշտ մեզ կը նախորդէ հաւատքի եւ ուխտագնացութեան մէջ, աջակցի ձեզի եւ ձեր կոչումի ինչպէս նաեւ քրիստոնէական ճանապարհին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու վստահեցնելով իր աղօթքը բոլորին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 11:20