Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը նուիրուած արարչագործութեան

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» Քահանայապետական հիմնարկը Հրապարակեց Լեւոն ԺԴ Պապին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ «Քահանայապետը սեպտեմբեր ամսուայ Պապին աղօթքի տեսերիզը կը նուիրէ մարդկութեան եւ արարչագործութեան միջեւ եղած յարաբերութիւններուն», նշուած է «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց», Քահանայապետական հիմնարկի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Քահանայապետը սեպտեմբեր ամսուայ Պապին աղօթքի տեսերիզը կը նուիրէ մարդկային էակին արարչագործութեան հետ յարաբերութեան։ «Ողջ արարչագործութեան հետ մեր յարաբերութեան համար»։ Սա է աղօթքի դիտաւորութիւնը՝ այս արարչագործութեան ժամանակուան համար՝ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացցի «Արարածներուն օրհներգի» 800 ամեակի եւ «Laudato Si - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի 10 ամեակի առիթով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ 

Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ քահանայապետը ըսաւ.

«Աղօթենք, որպէսզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ոգեշնչումով կարողանանք զգալ մեր փոխկապուածութիւնը բոլոր արարածներուն հետ, որոնք սիրուած են Աստուծոյ կողմէ եւ արժանի են սիրոյ ու յարգանքի։

Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ կը սիրես այն ինչ որ ստեղծեցիր,
եւ Ոչինչ գոյութիւն ունի քու քնքշութեան խորհուրդէն դուրս,
Իւրաքանչիւր արարած որքան փոքր ըլլայ,
Քու սիրտիդ պտուղն է եւ տեղ ունի այս աշխարհին մէջ։

Նոյնիսկ ամենապարզ կամ ամենակարճ կեանքը շրջապատուած է քու հոգատարութեամբ։ Ինչպէս Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին, այսօր մենք նոյնպէս կ՝ուզենք ըսել««Գովեալ ըլլաս» Տէ՛ր իմ»։

Դուն, Ստեղծագործութեան գեղեցկութեան միջոցաւ,
կը յայտնուիս, որպէս բարութեան աղբիւր։ Կը խնդրենք քեզմէ, որ բանաս մեր աչքերը՝ քեզ ճանչնալու համար, սորվելով ողջ արարչագործութեան հետ քու մօտիկութեանդ խորհուրդէն, որ աշխարհը անսահմանօրէն աւելի է քան պարզապէս լուծելու խնդիր։

Ան խորհուրդ է, որ պէտք է խորհրդածել երախտագիտութեամբ եւ յոյսով

Օգնէ մեզի բացայայտելու քու ներկայութիւնդ ողջ արարչագործութեան ներքեւ,
որպէսզի լիովին ճանչնալով զայն մենք կարողանանք զգալ եւ իմանալ, որ պատասխանատու ենք այս ընդհանուր տան համար, որտեղ մեզ կը հրաւիրես գնահատելու, յարգելու եւ պաշտպանելու կեանքը՝ եւ բոլոր ձեւերով եւ հնարաւորութիւններով։

Գովեալ ըլլաս, Տէր

Ամէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2025, 16:00