Լեւոն ԺԴ. Պապին տարբեր հանդիպումները Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, առաւօտեան, հրապարակային ունկնդրութենէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ տարբեր ուխտաւորներուն հետ, որոնց շարքին եղան, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին, 22 քաղաքացիներուն կեանքը փրկած ու ինքզինք զոհած Աստուծոյ ծառայ Սալվօ Տ՝Աքուիսթոյի եղբայրը, իտալացի 88 ամեայ Ալեսանտրօ Տ՝Աքուիսթօ։
«Մատրանապետ, Հայր Վինչէնզօ Վենոթուի եւ ոստիկանութեան զօրապետ Մեննթիթթի հետ Լեւոն ԺԴ Պապին բերինք Վիրկօ Ֆիտելիս եկեղեցւոյ զանգակատունի առաջին քարը ու այն օրհնելու համար ու այդ եկեղեցին նուիրուած է անցեալ 25 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Աստուծոյ ծառայ հռչակուած Սալվօ Տ՝Աքուիթոյին, ըսաւ Աստուծոյ ծառային եղբայրը Ալէստանրօ Տ՝աքուիթսօ։
«Գիտակցելով որ այդ զանգի ղօղանջը Պատարագի գացող հաւատացեալներուն կը բերէ խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամը ուրիշներու նկատմամբ, որ մարմնաւորած է իմ եղբայրս, ես կը լեցուիմ ուրախութեամբ եւ մեծ յոյսով. Թող մարդոց միջեւ վերջնական հաշտեցումը մօտիկը ըլլայ», ըսաւ Ան։
Շարժանիւ մը Պապին համար
Լեւոն ԴԺ Պապը հանդիպում ունեցաւ Harley-Davidson շարժանիւ քշող խումը մը հաւատացեալներուն հետ, որոնք մաս կը կազմեն Գերմանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ «Jesus bikers» անունով շարժանիւ շարժումի մը, որ ծնած է 11 տարի առաջ, ունենալով որպէս նպատակ դրամահաւաք կատարել օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնոուղ անձերուն։
հանդիպումի ընթացքին քահանայապետը օրհնեց շարժումի անդամներուն կողմէ բերած շարժանիւ մը, «որովհետեւ այդ շարժանիւը պիտի նուիրուի Աւստրիոյ մէջ քահանայապետական միսիոնարական առաքելութիւններուն ու աճուրդի վաճառքէն ստացուած գումարը պիտի յատկացուի Մատասքարի Իհոսի թեմի մէջ դպրոցի մը կառուցման աշխատանքներուն», այս մասին ըսաւ շարժանիւի շարժումի հիմնադիր Թոմաս Տրաքսլերօ։
Յովհաննէս Պօղոս Ա դիմանկարը։
Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի քահանայապետութեան սկիզբի տարեդարձին ու անոր երանացման երրորդ տարեդարձի նախօրէին՝ (2022 սեպտեմբերի 4), Յովհաննէս Պօղոս Ա հիմնադրամի փոխնագահ եւ սրբադասման դատի խնդրարկու Տթէֆանիա Ֆաթասքամ եւ Ալպանօ Լուիչիանիի թոռնուհի Լինա Պետրին հանդիպեցան Քահանայապետի հետ ու անոնց ընկերացած էին շարք մը բարերարներ, որոնք Քահանայապետին նուիրեցին, Յովհաննէս Պօղոս Ա.ի դիմանկարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
