Որոնել

Pope Leo XIV meets Israeli President Isaac Herzog at the Vatican

Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց Իսրայէլի Նախագահ` Իսհաք Հերցոկին

Քննարկումները կեդրոնացան Կազայի հատուածին մէջ տիրող հակամարտութեան վրայ: Քննարկուեցան մշտական ​​​​հրադադարի, պատանդներու ազատ արձակման, մարդասիրական օգնութեան անվտանգ մուտքը Պաղեստինի տարածք և պաղեստինեան ժողովուրդի համար ապագայ երաշխաւորելու հարցը։ Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց «Երկու Պետութիւններու լուծումը` որպէս միակ ուղի դուրս գալու համար շարունակուող պատերազմէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 4 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունեցաւ զանազան հանդիպումներ, ընդհանրապէս կղերականներու ու Վատիկանի վերնախաւի պատասխանատուներուն հետ, Ան ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Իսրայէլի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Իսհաք Հերցոկին, որուն առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց յատուկ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը կարդանք թէ Իսրայէլի նախագահը Քահանայապետին հետ ունեցած Հանդիպումէն ետքը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

«Սրբազան Պապին եւ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներու ընթացքին քննարկուեցաւ Մերձաւոր Արևելքի քաղաքական և սոցիալական իրավիճակը, որտեղ կը շարունակուին բազմաթիւ հակամարտութիւններ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Կազայի ողբերգական իրավիճակին» կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ։

«Յոյս յայտնուեցաւ անյապաղ վերսկսիլ բանակցութիւնները, որպէսզի տրամադրութեամբ եւ համարձակ որոշումներով , ինչպէս նաև միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ կարելի ըլլայ ապահովել բոլոր պատանդներու ազատ արձակումը, շտապ կերպով ձեռք բերել մշտական ​​​​հրադադար, նպաստել մարդասիրական օգնութեան անվտանգ մուտքին առաւել տուժած տարածքներ և ապահովել մարդասիրական իրաւունքի լիակատար յարգանքը, ինչպէս նաև երկու ժողովուրդներու օրինական ձգտումները» նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա ակնարկուած է պաղեստինեան ժողովուրդի ապագան երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան մասին, Սուրբ Աթոռի կողմէ վերահաստատելով Երկու Պետութիւններու լուծումը` որպէս միակ ուղի դուրս գալու համար շարունակուող պատերազմէն։

Անդրադարձ եղաւ նաև Արևմտեան ափին տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին և Երուսաղեմ քաղաքի կարևոր հարցի մասին։

Քննարկումներու ընթացքին երկուստեք համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Իսրայէլի միջև յարաբերութիւններու պատմական նշանակութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաև քննարկուեցան պետական ​​իշխանութիւններու և տեղական եկեղեցւոյ միջև յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով քրիստոնեայ համայնքներու կարևորութեան և անոնց յանձնառութեան, թէ՛ տեղական, թէ՛ համայն Միջին Արևելքին մէջ, մարդկային և ընկերային զարգացման, մասնաւորապէս կրթութեան, սոցիալական համախմբութեան խթանման և տարածաշրջանի կայունութեան ոլորտներէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 14:29