2025.09.17 Udienza Generale

«Սամարացիին կարեկցանքը` սիրել կրելով միւսին ցաւը»

Լեւոն ԺԴ. Պապը 2026-ի Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուայ նիւթը նոուիրած է «Սամարացիի կարեկցանքին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սամարացիին կարեկցանքը` սիրել կրելով միւսին ցաւը». Այս է 2026-ի Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուայ համար Քահանայապետին ընտրած բնաբանը, որ յայտարարուեցաւ այսօր Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Նիւթը` որ կենդրոնացած է սամարացիի աւետարանական կերպարի վրայ, որ սէր կը ցուցաբերէ՝ հոգ տանելով գողերու ձեռքերուն մէջ ինկած տառապող մարդուն, կը փորձէ ընդգծել մերձաւորի հանդէպ սիրոյ այս երեւոյթը. սէրը կը պահանջէ մտերմութեան շօշափելի արարքներ, որոնց միջոցաւ մենք կը կրենք ուրիշներու տառապանքը, յատկապէս անոնց` որոնք կ՛ապրին հիւանդութեան եւ յաճախ անկայունութեան վիճակի մէջ աղքատութեան, մեկուսացման և առանձնութեան պատճառաւ։

Նոյնիսկ այսօր Յիսուս Քրիստոս՝ «Բարի Սամարացին», կը մօտենայ վիրաւոր մարդկութեան՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներու միջոցաւ թափելու համար «մխիթարութեան իւղը և յոյսի գինին» (Նախաբան՝ «Յիսուս Բարի սամարացին»), այդպիսով ներշնչելով օգնութեան և մտերմութեան գործողութիւններ և ժեստեր անոնց համար, որոնք հիւանդութեան պատճառաւ կ՛ ապրին փխրուն պայմաններուն մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 12:24